ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Հրանդ Տինքի եղբօր՝ Խոսրովիբ աղջկան՝ Լուսին Տինքի բեմադրած «Սարոյեանի Երկիրը» ֆիլմը հասանելի է համացանցի միջոցով։ 2013ին Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած գեղարուեստական-վաւերագրական այս ֆիլմը կը պատմէ Ուիլիըմ Սարոյեանի՝ հայրենիքի կարօտին, դէպի հայրենի Պիթլիս կատարած ուղեւորութեան եւ այդ հողերուն վրայ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն մասին։
20րդ դարու համաշխարհային գրականութեան մէջ իր զգալի ներդրումը ունեցած Սարոյեան կը փորձէ գտնել «Ո՞ւր է մարդու երկիրը» հարցումին պատասխանը։
Սարոյեանը ծնած է 1908ին՝ Քալիֆորնիոյ Ֆրեզնօ քաղաքը: Ան ինքզինք միշտ ներկայացուցած է իբրեւ Պիթլիսէն սերող ամերիկահայ։ Սարոյեան 1964ին այցելած է ներկայիս Թուրքիոյ սահմաններէն ներս գտնուող իր հայրենի Պիթլիս քաղաքը։
«Սարոյեանի Երկիրը» ֆիլմը կը սկսի 1900ականներու սկիզբը մեծ գրողի ընտանիքին գաղթի պատմութեամբ։ Ապա կը ներկայացուի անոր այցելութիւնը այժմեան Թուրքիա՝ դէպի Էրզրում, Արարատ, Վան եւ Պիթլիս։
Ֆիլմին մէջ օգտագործուած են թէ՛ Սարոյեանի ընկերներուն վկայութիւնները եւ թէ անոր ստեղծագործութիւններէն հատուածներ, մօր եւ հօր պատմած պատմութիւններուն հիման վրայ գրի առնուած յուշագրութիւններ, որոնց մէջ կ՛արտացոլան հայրենիքի նկատմամբ կարօտը, խանդավառութիւնը, սէրը, վիշտը, յոյսը եւ յուսահատութիւնը։
Սարոյեանի մայրը անոր միշտ ըսած է, որ մարդիկ Պիթլիսի մէջ խօսած են երեք լեզուներով՝ ըսելով․ «Քրտերէնը՝ սիրտի, թրքերէնը՝ երաժշտութեան իսկ հայերէնը՝ ցաւի ու վշտի լեզուներ են»։
Պիթլիս կատարած այցելութեան ընթացքին, Սարոյեան կը համոզուի, որ Պիթլիսի մէջ մարդիկ արդէն կը խօսին միայն քրտերէն եւ թրքերէն։ Իր հայրենի Պիթլիսը ան միշտ պատկերացուցած է՝ իբրեւ երկիր մը, ուր «երեք ազգեր միասին կ՛ապրին», մինչդեռ Պիթլիս գալով՝ Սարոյեան հայերէն խօսող նոյնիսկ մէկ մարդու չի հանդիպիր․․․
Ֆիլմը դիտելու համար այցելել https://vimeo.com/93049470 կայքէջը։