ՈՒԱՇԻՆԿԹՒՆ, «Էյ․Փի․»․- «Քորոնա» ժահրին պատուաստ մը գտնելու համար, ներկայիս աշխարհի տարածքին զանզան փորձարկումներ կը կատարուին եւ 30 Ապրիլին դրական լուրեր հաղորդուեցան Օքսֆորտէն եւ Ուաշինկթընէն։
Մինչ Օքսֆորտի համալսարանէն հաղորդուեցաւ, որ պատուաստ մը արտադրութեան կրնայ պատրաստ ըլլալ մինչեւ տարեվերջ, ամերիկացի պաշտօնատարներ յոյս յայտնեցին, որ Յունուարին պատուաստ մը ատրաստ կ՛ըլլայ։
Դարման մը գտնելու ճակատէն հաղոդուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներու, Ասիոյ եւ Եւրոպայի տարածքին «Ռեմտեսիվիր» հակաժահրային դեղին փորձարկումները հաստատած են, որ անիկա որոշ չափով արդիւնաւէտ է «Քորոնա» ժահրի «Քովիտ 19» տարբերակին դէմ պայքարին մէջ:
«Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի Սպիտակ տան յատուկ յանձնախումբի անդամ Էնթընի Ֆաուչի յայտնեց, որ նշեալ դեղը կ՛արագացնէ ապաքինումը, զայն միջին հաշիւով 15 օրերու փոխարէն 11 օրերու իջեցնելով։ Երկու ամիս առաջ սկսած փորձարկումները կը շարունակուին։
Առաւել քան 235,000 մարդոց կեանքը խլած ժահրին դէմ ցարդ յատուկ դեղ մը չկայ; Անկէ ցարդ վարակուած են առաւել քան 3․3 միլիոն անձեր (շուրջ 1․1 միլիոնը Միացեալ Նահանգներու մէջ), որոնցմէ մօտաւորապէս 1․1 միլիոնը առողջացած է։
Անցեալ ամիս, «Ռեմտեսիվիր» դեղը արտադրող Gilead ընկերութիւնը յայտարարած էր, որ պատրաստ է ամերիկեան հիւանդանոցներուն տրամադրելու շուրջ 140,000 հիւանդներու համար բաւարար դեղեր, մինչ արտադրութիւնը բազմացնելու ջանքեր կը տարուին։