ՍԷՈՒԼ, «Ռոյթըրզ»․- Հարաւային Քորէայի եւ Հիւսիսային Քորէայի միջեւ սահմանին վրայ Կիրակի օր տեղի ունեցան փոխադարձ հրաձգութիւններ, սահմանահատման գիծի կեդրոնական հատուածին մէջ գտնուող հսկողութեան կէտին ուղղութեամբ, յայտնեց Հարաւային Քորէայի բանակի սպայակոյտի միացեալ կոմիտէն:
Հարաւային քորէացի զինուորները երկու անգամ կրակելով՝ պատասխանեցին հիւսիսային քորէացի զինուորներուն: Վիրաւորներ կամ նիւթական վնասներ չեն արձանագրուած:
Սպայակոյտի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ հարաւային քորէացի զինուորները կը գտնուին պատրաստութեան բարձր մակարդակի վրայ եւ կը փորձեն ճշդել տեղի ունեցածին հանգամանքները: