Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը լայնածաւալ աշխատանք կը տանի այս օրերուն, սննդամթերքի մատակարարման միջոցաւ՝ օգնելու համար յատկապէս համաճարակին պատճառով ստեղծուած տնտեսական տագնապին իբրեւ արդիւնք, կենցաղային դժուարութիւններու մատնուած հայ համայնքներու կարիքաւոր շրջանակներուն:
Միջին Արեւելքէն Հայաստան, Աստրալիա, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներ, ներկայիս միութիւնը իր ճիգերը կեդրոնացուցած է ուտեստեղէնի եւ կենցաղային անհրաժեշտ կարիքներու մատակարարումին վրայ, որպէսզի այս դժուար օրերուն, մասամբ գոնէ կարելի ըլլայ թեթեւցնել տիրող ընդհանուր ճնշուածութիւնը:
ՀԲԸՄի ուտեստեղէնի ծրարներու բաշխումի նախաձեռնութիւնը սկսած էր Լիբանանի մէջ, համաճարակին նախորդող տնտեսական տագնապին պատճառով, երբ հայ համայնքի որոշ շրջանակներ սկսած էին կենցաղային լուրջ դժուրութիւններ դիմագրաւել:
Երբ համաճարակը սկսաւ տարածուիլ բոլոր համայնքնրուն մէջ, եւ նախազգուշական արգելափակումները սկսան գործադրուիլ՝ ՀԲԸՄի մասնաճիւղերը սկսան իրականացնել բաշխումի աշխատանքներ, նախապատուութիւն տալով ընկերային որոշ հատուածներու: Այսպէս, Մոնթրէալ, իր ուշադրութիւնը ուղղեց տարեց խնբաւորումներու եւ յարաբերաբար նորահաստատ սուրիահայ շրջանակներու, Զատկուան առիթով պատրաստուած 200 ծրարներու բաշխումով: Վերջերս Թորոնթոյի մասնաճիւղը նոյնպէս հանդէս եկաւ նմանօրինակ նախաձեռնութեամբ՝ գործակցելով ծրարումի եւ բաշխումի արհեստավարժ ընկերութեան մը հետ, առաւելագոյն արդիւնաւորութեան համար:
«Լոս Անճէլըսի ՀԲԸՄը Կը Հոգայ» ծրագիրը, ընդարձակելով իր ծիրը՝ կ’աշխատի հասնիլ համայնքին բոլոր կարիքաւոր շրջանակներուն: Իր գործունէութեան սկիզբի առաջին իսկ ժամերուն, 100 ծրարներու համար խնդրանք ստացած էր արդէն, յանձնառութիւն ստանձնելով նուազագոյնը 1000 ծրարներ պատրաստել:
ՀԲԸՄի Լաթաքիոյ եւ Քամիշլիի մասնաճիւղերուն պարագային, հականեխիչ նիւթերու շեշտուած կարիքին ընդառաջելով՝ կամաւոր անդամներու խումբեր ապահովեցին մեծ քանակութեամբ այդ նիւթերու բաշխումը: Վերջերս, ՀԲԸՄի Սուրիոյ Շրջանակային jանձնաժողովը ծրագիր մը մշակեց Յուլիս ամիսէն սկսեալ մինչեւ 2020ի աւարտը՝ ապահովել կարիքաւոր ընտանիքներու եւ անհատներու ուտելիքի եւ դեղօրայքի ծախսերը, երկրի գլխաւոր քաղաքներուն մէջ: Աւստրալիոյ Սիտնիի մասնաճիւղը նախաձեռնեց համայնքի կարիքաւորները ցանկագրելու աշխատանքին: Մոնթէվիտէօի մասնաճիւղը Ուրուկուէյի մէջ միացաւ տեղական կազմակերպութիւններու համախմբումին կողմէ կազմակերպուած սննդամթերքի բաշխումի աշխատանքին, կամաւորներու կողմէ պատրաստուած տնային ուտելիքներով:
Ծանօթ է, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը եւ առողջապահութեան նախարարութիւնը շարք մը օրինագիծեր վաւերացուցած են հայրենի քաղաքացիներուն կեանքի ապահովութեան եւ կենցաղային տարբեր մարզերու կարելի բնականոնութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ: ՀԲԸՄի շրջանակները իրենց աջակցութիւնը կը բերեն հոն, ուր կառավարական միջոցառումները երբեմն բաւարար չեն:
Առաջին ամսուան ընթացքին, գործակցութեամբ Ս. Էջմիածինի հետ՝ Հայաստանի ՀԲԸՄը ուտելիքի ծրարներ բաշխեց շուրջ 900 տարեցներու, որոնք սովորաբար կը յաճախէին Երեւանի, Էջմիածինի եւ Վանաձորի «տարեցներու ճաշասրահ»ները, որոնք հովանաւորուած են եկեղեցիին կողմէ: Ծրարները ընդհանրապէս մէկ ամսուան համար բաւարար ուտեստեղէն եւ առողջապահական անհրաժեշտ նիւթեր կը պարունակեն: Օժանդակութիւնը պիտի շարունակուի այնքան ատեն, որքան համաճարակին ժխտական հետեւանքները կը շարունակուին:
84 տարեկան Ազատուհի Սիմոնեան, որ 2010էն ի վեր կանոնաւորապէս յաճախած է տարեցներու ճաշասրահը, համաճարակի պատճառով այդ գործունէութեան ընդհանտումէն ետք՝ կը վկայէ. «ՀԲԸՄի շնորհիւ ապահով կը զգամ, որ հակառակ ստեղծուած կացութեան պիտի շարունակեմ ստանալ կենսական աջակցութիւնը, որ այժմ կը հասնի մինչեւ իմ տանս սեմը»:
Այլ վտանգուած խմբաւորում մը առողջապահական մարզի աշխատողներն են, որոնք իրենց կեանքերը կը վտանգեն, օգնելու համար վարակուածներու, որոնք բուժման կարօտ են: ՀԲԸՄը փութացած էր աջակցութիւն ցուցաբերելու անոնց, 50,000 տոլարով իր մասնակցութիւնը բերելով Սփիւռքի գլխաւոր գործակատարի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ հանգանակուած առաւել քան կէս միլիոն ամերիկեան տոլար գումարին, որ պիտի յատկացուէր վարակումի դէմ անհրաժեշտ պաշտպանութեան միջոցներու ապահովման:
Այնքան ատեն որ հանրային առողջապահութեան այս տագնապը կը շարունակէ իր ազդեցութեան տակ պահել աշխարհը, ՀԲԸՄը յանձնառու է իր կարելիութիւնները ի գործ դնելու՝ համաճարակին ժխտական հետեւանքները մեղմացելու, անոր տարածումին դէմ պայքարելու եւ գործնական լուծումներ գտնելու ուղղութեամբ՝ դիմագրաւելու համար հետագայ նոր եւ անխուսափելի մարտահրաւէրները:
Կրնաք նաեւ ձեր նուիրատուութիւններով օժանդակել առցանց՝ www.agbugiving.org/reliefefforts հասցէին:
(Քաղուած ՀԲԸՄի թղթակցութենէն)