ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Էյ․Պի․Սի․»․- Մինչ Լոս Անճելըս գաւառը կը պատրաստուի մինչեւ 4 Յուլիս տնտեսութիւնը վերաբանալու, գաւառին իշխանութիւնները 20 Մայիսի յետմիջօրէին յայտարարեցին, թէ նախորդող 24 ժամերուն ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած 57 քաղաքացիներ մահացան գաւառին տարածքին։ Նոյն ժամանակահատուածին մէջ արձանագրուեցան վարակման 1324 նոր պարագաներ։ Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին արձանագրուած են 40,857 վարակումներ եւ 1970 մահեր, որոնց 92 տոկոսը առողջական այլ բարդութիւններ ունէր։ Քննութիւններուն թիւը կը հասնի 380,000ի, որոնց 9 տոկոսը վարակուած է։ Այս համեմատութիւնը 8 տոկոսի իջնելէն ետք միայն, գաւառին իշխանութիւնները հանգիստ պիտի զգան տնտեսութիւնը վերաբանալու։
Նշենք, որ գաւառը մանրամասն տուեալներ ունի զոհերէն 1826ին մասին, ըստ որոնց, զոհերուն 39 տոկոսը սպանախօս, 29 տոկոսը՝ սպիտակամորթ, 18 տոկոսը՝ ասիացի եւ 12 տոկոսը սեւամորթ եղած է։
Նաեւ, ներկայիս հիւանդանոցներու մէջ կը մնան 1531 վարակուածներ, որոնց 28 տոկոսը յատուկ խնամքի տակ է, իսկ 19 տոկոսը՝ արհեստական շնչառութեան գործիքներու միացուած է։
Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են 86,166 վարակումներ եւ 3512 մահեր։