ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ,- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճարով, այս տարի Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկները եւս առցանց տեղի ունեցան։
Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտին կողմէ անցեալ տարի Հայոց Ցեղասպանութիւնը հաստատող բանաձեւներուն վաւերացման լոյսին տակ, այս տարուան ոգեկոչման ձեռնարկները յատուկ իմաստ ունէին եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբներուն ու տեղական մարմիններուն կազմակերպած ոգեկոչման ձեռնարկներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին առաւել քան 80 քոնկրեսականաններ՝ դատապարտելով մարդկութեան դէմ այդ ոճիրը եւ արդար հատուցում պահանջելով պատմական այդ իրողութիւնը ուրացող Թուրքիայէն։
Մասնակցողներուն մէջ կային Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտին կողմէ հաստատուած Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւներուն համահեղինակներէն Ռապըրթ Մենենտեզ, Թետ Քրուզ եւ Էտըմ Շիֆ։
Քոնկրեսականներուն ամբողջական ցանկը եւ անոնց յայտարարութիւնները տեսնելու համար այցելել http://asbarez.com/194240 կայքէջը, ուր կան նաեւ քանի մը տեսանիւթեր։