
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Արշակ Ֆեթվաճեան ծնած է Տրապիզոն, 1 Հոկտեմբեր 1863ին:

Անոր ծնողքը եղած են առեւտրական: Նախնական ուսումը ստացած է Տրապիզոնի Ազգային վարժարանին մէջ: Արշակը մանկութեան տարիներուն արդէն մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է արուեստին հանդէպ: Ան ղրկուած է Պոլիս, որպէսզի արուեստներու հանդէպ իր սէրն ու բնատուր շնորհները զարգացնէ Կոստանդնուպոլսոյ Կայսերական Գեղարուեստի վարժարանին մէջ, որուն անդրանիկ շրջանաւարտներէն եղած է 1887ին:
Թրքական կառավարութիւնը կրթաթոշակ տրամադրած է Արշակին, որ Իտալիա երթայ եւ հոն ուսանի, պայմանաւ որ վերադառնալէն ետք ծառայէ Թուրքիոյ իշխանութեան: Արշակ մերժած է, որովհետեւ հայ անուանի անձնաւորութիւն մը՝ պոլսահայ Ոսկան պէյ Մարտիկեան, լսելէ ետք թրքական առաջարկը՝ պատրաստակամութիւն յայտնած է հոգալու Արշակին Հռոմ ուսանելու կրթաթոշակը, պայմանով որ Ֆեթվաճեան ուսումը աւարտելէ ետք ծառայէ հայ ժողովուրդին եւ մշակոյթին, ու մանաւանդ իր անունը մնայ անյայտ: Ուստի, Ֆեթվաճեան մեկնած է Հռոմ 1887ին, այդ բարձր հոգիի տէր հայուն կրթաթոշակով: Հռոմի մէջ չորս տարի ուսանած է Սան Լուկա գեղարուեստի ակադեմիոյ մէջ, ուսուցիչ ունենալով Չեզարէ Մաքքարին: 1891ին, ուսման աւարտին, մասնակցած է Իտալիոյ նկարիչներու ազգային ցուցահանդէսին: Իր ուսուցիչը՝ Չեզարէ Մաքքարի թելադրած է Արշակին վերադառնալ իր հայրենիքը, որովհետեւ հոն արուեստագէտ մը աւելի կրնայ ստեղծագործել եւ իր ազգային անյայտ մնացած արուեստն ու մշակոյթը ծանօթացնել աշխարհին:

Իտալիա ուսանած տարիներուն այցելած է Իտալիոյ զանազան քաղաքներ եւ մշակութային կեդրոններ՝ ծանօթանալու համար իտալական արուեստին եւ համաշխարհային արուեստներու: Այցելած է Վենետիկ քաղաքը եւ հմայուած է անոր գեղեցկութեամբ: Սուրբ Ղազարի մէջ ծանօթացած է Ղեւոնդ Ալիշանին, որ իր մէջ կը դրոշմէ հայ մշակոյթի արժէքները եւ հարստութիւնը: Անոր հրաւէրով 1889-1891 ամառնային արձակուրդը անցուցած է Ս. Ղազարի Մխիթարեան միաբանութեան կեդրոնին մէջ եւ ուսումնասիրած է հայկական մանրանկարչութիւնն ու ձեռագիրներու մանրանկարները: Վենետիկի մէջ նկարած է վենետիկեան տեսարաններ:
1891-1895 Ֆեթվաճեան աշխատած է Վիեննայի մէջ եւ հոն մնայուն հանդիպումներ ունեցած է աւստրիացի արուեստագէտներու եւ նկարիչներու հետ, որոնց շնորհիւ խմորուած է իր մէջ արուեստի ճաշակն ու նրբութիւնը եւ ան դարձած է արուեստի պատմութեան մասնագէտ: Հոն տիրապետած է ջրաներկի արուեստին եւ նկատուած է ջրաներկի յայտնի նկարիչ: Վիեննայի մէջ աշխատած է որպէս ազատ արուեստագէտ եւ նկրած է շարք մը դիմանկարներ: Հոն բարեկամացած է Պարսկաստանի հայազգի դեսպան Նարման Խան Ենիկոլուպեանին եւ անոր պատուէրով նկարած է Նասր Էտտին շահին եւ անոր վեզիրին մեծածաւալ դիմանկարները: Հոն ստացած է արուեստի նկարներու պատուէրներ Պոլսոյ թուրք բարձրաստիճան անձնաւորութիւններէ եւ օտար հիւպատոսներէ։ Վիեննայի մէջ ստեղծած է «Թրքական Սուրհանդակը Անատոլիոյ Մէջ» իւղաներկ նկարը, որ յետագային մեծ համբաւ ունեցած է, ինչպէս նաեւ ջրաներկով նկարած է բազմաթիւ կանացի դիմանկարներ եւ մերկ մարմիններ:

Վիեննայի մէջ կատարած է նաեւ գրական աշխատանք՝ արուեստաբանական գրականութիւն Պոլսոյ եւ Վիեննայի հայկական մամուլին մէջ:
Ֆեթվաճեան 1896էն ետք շրջագայած է Եւրոպայի կարգ մը երկիրներ, ուր ծանօթացած է յայտնի նկարիչներու: Ապա ան մեկնած է Ղրիմ, ուր հանդիպած է մեծ ծովանկարիչ Այվազովսքիի հետ: Ֆեթվաճեան ուսանելի դասեր առած է անկէ եւ հետագային նկարած է իր ծովային պաստառներ Այվազովսքիի ազդեցութեան տակ:
Արշակ Ֆեթվաճեան անցած է Ս. Փեթերսպուրկ եւ 1896-1903 ապրած է հոն, ուր մօտէն ծանօթացած է ռուսական նկարչութեան արդի հոսանքին եւ դարձած է Ռուսիոյ նկարիչներու ընկերութեան անդամ: Առաջին տարին տասը նկարներ ներկայացուցած է տարբեր-տարբեր ցուցահանդէսներու: Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ծանօթացած է յայտնի նկարիչ Փանոս Թերլեմէզեանի հետ եւ դարձած է անոր մտերիմ բարեկամը: Ս. Փեթերսպուրկի ժողովուրդը հիացումով արտայայտուած է Արշակի ջրաներկ եւ իւղաներկ նկարներուն մասին եւ գնահատանքի խօսքեր արձանագրուած են մամուլին մէջ:
Հայրենի հողին կանչը զինք բերած է Անդրկովկաս 1899ին, եւ հաստատուած է Թիֆլիս: Ցուցահանդէսներով ներկայացած է հանրութեան. 1899ին՝ Պաթում, 1900ին՝ Թիֆլիս, 1902ին՝ Պաքու եւ Պիատիկորսք: Պաքուի ցուցահանդէսին ներկայացուցած է հետեւեալ իւղաներկ գործերը. «Թրքական սուրհանդակը Անատոլիոյ մէջ» եւ «Սուլթան Մահմեդ Ա.ի դամբարանը», «Վենետիկի Ս. Մարկոսի տաճարը», «Մատթէոս պատրիարք Իզմիրլեանի դիմանկարը» եւ «Քըրք Շահզեդի մզկիթի բակը»: Իսկ Թիֆլիսի ցուցահանդէսին ցուցադրած է «Ալեքսանդրապոլցի հայուհին» նշանաւոր նկարը: 1908ին Թիլիսի մէջ երկրորդ ցուցահանդէսին ներկայացուցած է «Սասունցի կինը» կամ «Մանուկ Հայաստան» նկարը:

«Սասունցի Կինը» («Մանուկ Հայաստան»). մանուկը կուրծքը սեղմած, ամէն ինչ կորսնցուցած սասունցի դիւցազնուհին (սասունցի Շաքէն) կը խորհրդանշէ յանուն իր ապագային ոտքի ելած ժողովուրդի ազատագրական պայքարը: Պատմաբանը հետեւեալը գրած է Շաքէին մասին՝ Սասունի ապստամբութեան ընթացքին. «1898-ի օգոստոսի սկիզբը թրքական աւելի քան 40000-նոց զօրքն ու խառնամբոխը անցաւ յարձակման: Սասունցիները դիմեցին հերոսական պաշտպանութեան՝ խիզախութեան և անձնազոհութեան հրաշքներ գործելով: Տղամարդոց հետ ուս ուսի քաջաբար մարտնչեցին նաև հայ կիները և պատանիները: Բազմիցս գերակշիռ հակառակորդը շուտով գրաւեց շարք մը բնակավայրեր, նաև՝ պաշտպանութեան կեդրոն «Անզուգելին» գիւղը: Շուրջ 15 օր շարունակուեցաւ այդ անհաւասար գօտեմարտը: Օգոստոսի վերջերուն թրքական զօրքերն ի վերջոյ յաղթեցին: Սասունցի Գրկէի քով կեցած էր իր կինը՝ Շաքէն, որ կողք կողքի կանգնած՝ անվեհերութեամբ կը կռուէր թշնամուն դէմ, նմանապէս ուրիշներ, իսկ երբ բիրտ ոյժը յաղթանակեց եւ Գրկէն դիտապաստ դիւցազնի պէս ինկաւ։ Շաքէն կենդանի էր: Ան զգաց, որ ողջ մնալով վայրենի Քիւրտերու լպիրշ բռնաբարութեան պիտի ենթարկուի, իսկոյն հրաւիրեց իր քով գտնուող կիներն ու աղջիկները՝ իր օրինակին հետեւելու։ Շաքէն իր մանկիկը կուրծքին վրայ սեղմած, բարձր ժայռէն ինքզինքը վար նետեց եւ կտոր կտոր եղաւ»։
Ֆեթվաճեան Թիֆլիսի մէջ իրագործած է վերականգնողական աշխատանքներ: 1900-1908 իր ձեռքերով զարդարած է Թիֆլիսի վերակառուցուած Քամոեանց Ս. Գէորգ եկեղեցին մեծ յաջողութեամբ: 1909-1914 վերաշինած է Թիֆլիսի Կուսանաց անապատի Ս. Ստեփանոս եկեղեցին, Արմաւիրի Ս. Գէորգ եկեղեցին եւ Կարսի նորակառոյց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բեմը, խաչկալը եւ հինգ դռները: Մասնակցած է Ս. Էջմիածինի նորոգութիւններուն:
1900ին սկսած է Արշակ Ֆեթվաճեանի հայագիտական, հնագիտական եւ ազգագրական գործունէութիւնը: Այդ թուականէն սկսեալ ձեռնարկած է պատմական Հայաստանի տարածքին իր հետազօտական շրջապտոյտներուն, որոնք տեւած են 20 տարի: Հայրենասէր Արշակ Ֆեթվաճեան շրջելով Հայաստանի գրեթէ բոլոր պատմական վայրերը՝ չափագրած է եւ նկարած է բազմաթիւ յուշարձաններ, հայ ազգագրական տիպեր եւ հանդերձներ, գործակցելով Թորամանեանի հետ: Ան մասնակցած է Նիկողայոս Մառի Անիի պեղումներու արշաւախումբին:
Նկարած է 6-13 դարերու արեւմտեան եւ արեւելեան Հայաստանի հնագոյն յուշարձանները (աւելի քան 2000 մատիտանկար ու ջրաներկ աշխատանքներ), որոնց կարեւորագոյնը հանդիսացած են «Անի»ի ջրանկարները: Ըստ մասնագէտներու՝ Ա. Ֆեթվաճեան պատկերած է «Անի»ները հնագիտական, պատմական ճշգրտութեամբ եւ գեղարուեստական ուժի ներգործութեամբ, ու անոնք նկատուած են ճարտարապետական բնանկարի հիանալի գործեր:

1917ի Թիֆլիսի ցուցահանդէսին ցուցադրած է «Անի»ի շարքը եւ «Աղօթքը Գեթսեմանի պարտէզում» ստեղծագործութիւնը:
Արշակ Ֆեթվաճեան ստեղծած է նաեւ հայ պետական գործիչներու, հայոց պատմութեան, դիցաբանութեան եւ ազգագրական թեմաներով աշխատանքներ ու կատարած է վերարտադրութիւններ հայկական մանրանկարչութեան նմոյշ-ներէն: Ան հաւաքած է թանկագին նիւթեր` 1918ին Էջմիածինի մէջ ստեղծած է հայ կանանց ազգային տարազներու ջրանկար պատկերները, որոնք նկատուած են հայկական ազգային գեղանկարչական սքանչելի նմոյշներ, որ կը ներկայացնեն հայ կանանց գեղեցկութիւնը, ճաշակը, բնաւորութիւնները:

Արշակ Ֆեթվաճեան ականատես եղած է 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով կիսաքաղց գաղթականութեան օրհասական վիճակին, անօթեւան եւ թշուառութեան եզրին հասած, սովէն ու համաճարակներէն Էջմիածինի փողոցներուն մէջ մեռնող հայրենակիցներու մղձաւանջային օրերուն: Այդ ժամանակ հայ գաղթականութեան վիճակի դժոխային պատկերներու մասին գրած է իր յօդուածներէն մէկուն մէջ. «Չգիտեմ, թէ ի՛նչ լեզուով, ո՛ր ձայնով պիտի ասել, կրկնել հազար անգամ ձայնարկուած «ժողովուրդը կոտորւում է» ահագոչը, ո՛ր վրձինով նկարել Էջմիածնի եւ Ճեմարանի բակերում ու պատերի տակ 6 ամսից ի վեր դանդաղ հոգեվարքով անհետացող հազարաւոր ամբոխը թշուառների: Մեր հայ գեղջուկին գրգլեակներից ու… քուրջերից, հագուստներից էլ ոչինչ չմնաց նրանց մերկութիւնը ծածկելու: Ոջիլների դժոխային կեղեքումին ենթակայ փոքրիկները մանաւանդ` անվերջ քերւոտելուց կաշիները պատառոտուած, կեղտի, աղտի մէջ էլ քոսոտել սկսած, մի-մի հրեշաւոր ցուցանքներ են»: Եւ իրապէս ուշագրաւ են իր նկարած Ցեղասպանութենէն փրկուած գաղթականներու դիմանկարները։
Ան ականատես եղած է նաեւ 1918-1919 Արարատեան դաշտավայրի փոթորկայոյզ իրադարձութիւններուն`թրքական արշաւանքին եւ անոր հետեւանքով ստեղծուած տագնապալից ահեղ սպառնալիքներուն`հայութեան լինել-չլինելու հարցին, Սարդարապատի հերոսամարտին, Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումին ու աստիճանական վերելքին:
28 Մայիս 1918ի անկախութեան հռչակումէն անմիջապէս ետք, նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան առաջին խնդիրներէն եղած է սեփական ազգային թղթադրամ ունենալու եւ երկրին դրամական կանոնաւոր շրջանառութիւն հաստատելու հարցը: Մինչ այդ կարճ ժամանակաշրջանի մը համար, Հայաստանի տարածքին շրջանառութեան մեջ դրուած են Անդրկովկասեան կոմիսարիատի (վարչական մարմինի-Խմբ.) դրամանիշները, որոնց վրայ գտնուած են նաեւ հայերէն մակագրութիւններ:

Որպէս փոխանցման շրջան, Հայաստանի անկախութեան առաջին ամիսներուն օգտագործուած են ներքին գործերու նախարարութեան տպարանը տպագրուած պետական դրամատան Երեւանի բաժանմունքի ժամանակաւոր փոխգիրերը (չեքերը), ասոր զուգահեռ կառավարութեան կողքին ստեղծուած է աշխատանքային խումբ՝ նոր թղթադրամներու նկարներու նախագիծերը եւ տպագրութիւնը նախապատրաստելու նպատակով: Այդ խումբի կազմին մաս կազմած են նկարիչներ Արշակ Ֆեթվաճեանը եւ Յակոբ Կոջոյեանը, ելեւմտագէտ-տնտեսագէտ Գրիգոր Ջաղեթեանը եւ ճարտարապետ Գրիգոր Աղաբաբեանը: Հայկական թղթադրամներու ընդհանուր գեղարուեստական գաղափարի եւ ձեւանմոյշներու պատրաստման հեղինակը հանդիսացած է հայ իրականութեան մէջ արդէն ճանաչուած յայտնի նկարիչ Արշակ Ֆեթվաճեանը:
1919ի Յուլիսին հայկական թղթադրամներու ընդհանուր պատկերները արդէն վերջնական ձեւ ստացած են Ֆեթվաճեանի ձեռամբ: Այդ ընթացքին թղթադրամները Եւրոպա տպագրելու համար ՀՀ կառավարութիւնը համագոր-ծակցութեան առաջարկ ստացած է «Միրզոյեանց» առեւտրական տան ներկա-յացուցիչ Վահան Միրզոյեանցի կողմէ, որուն հայրը, գործարար Սիմեոն Միրզոյեանցը, այդ պահուն Փարիզ գտնուած է:

30 Յուլիս 1919ին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը՝ վարչապետութեամբ Ալեքսանդր Խատիսեանի, որոշած է հայկական դրամա-նիշներ տպագրելու համար արտասահման՝ Ֆրանսա ուղարկել երկրաչափ Գրիգոր Աղաբաբեանը եւ նկարիչ Արշակ Ֆեթվաճեանը, յատկացնելով իւրա-քանչիւրին 50 ֆրանք օրապահիկ, ճանապարհածախս՝ ըստ օրինաւոր պայմաններու եւ ամսական 3000 ռուբլի թոշակ: Որոշուած է նաեւ տնտեսութեան նախարարութեան քով գտնուած 10,000 դանիական գրոնները տրամադրել այս գործին համար, իսկ տպագրութեան ծախսը կատարելու համար բանակցիլ առեւտրական տուն «Միրզոյեանց»ի հետ, որ ան հոգայ այդ ծախսերը այն պայմանով, որ հետագային ՀՀ վճարէ առեւտրական տուն «Միրզոյեանց»ին հայկական դրամով կամ ապրանքներով: Ուստի Արշակ Ֆեթվաճեան հայկական թղթադրամներու, ինչպես նաեւ նամակատարային նամականիշներու-նամակադրոշմներու տպագրութիւնը կազմակերպելու նպատակով Հայաստանէն մեկնած է Եւրոպա:
Մեծ դժուարութիւններով, թղթադրամները վերջապէս 1920 թուականի սկիզբը կը սկսին տպագրուիլ Անգլիա, լոնտոնեան հանրայայտ «Վաթերլօ եւ որդիներ» (Waterlow & Sons Ltd.) ընկերութեան տպագրատունը: Իսկ հայկական նամակատարական-թղթատարական նամականիշները, որոնք պատրաս-տուած էին թղթադրամներու նախագիծ-ուրուագիծի հիման վրայ, Ֆեթվաճ-եան տպագրել տուած է Փարիզի «Չէյսփաթ» (Chassepot) ընկերութեան տպագրատունը: Ֆեթվաճեան այս պատասխանատու առաքելութիւնը կարո-ղացած է բարեխղճօրէն եւ յաջողութեամբ հասցնել իր աւարտին:

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան պաշտօնական թղթադրամները թուագրուած են 1919 թուականով եւ թողարկուած-հրատարակուած են 50, 100 եւ 250 ռուբլի անուանական արժէքներով: Անոնց վրայ դրոշմուած են այդ ժամանակ պաշտօնավարող վարչապետ Ալեքսանդր Խատիսեանի և ելեմտական նախարար Գրիգոր Ջաղեթեանի ստորագրութիւնները: Հիմնական մակագրութիւնները եղած են հայերէն, մասամբ նաեւ ռուսերէն եւ ֆրանսերէն: Մասնագետներու կարծիքով, այդ թղթադրամներուն թողարկումը յատկանշական եղած է գծանկարներու նրբագեղութեամբ եւ տպագրութեան բարձր որակով:
Հայկական թղթադրամներու ձևաւորման մէջ օգտագործուած են ազգային պատկերներ եւ նախշեր: Բացառիկ նկատուած է 250 ռուբլիանոց թղթադրամին վրայ պատկերուած ճախարակով թել մանող հայ կնոջ դիմանկարը: 100 ռուբլիանոց թղթադրամին վրայ նոյնպէս հանրայայտ դարձած, սուրը ձեռքին օձը տապալող արծիւի պատկերն է, դրոշմուած են նաեւ Արարատ լերան և Արարատեան դաշտավայրի պատկերները եւ Անիի Տիգրան Հոնենցի եկեղեցւոյ զարդաքանդակներէն մէկուն գծանկարը:
Թողարկուած թղթադրամները հասած են Հայաստան եւ շրջանառութեան մեջ դրուած են 1920ի ամառը: Այդ թղթադրամներուն գործածութիւնը քաղաքական յայտնի պատճառներով շատ կարճ տեւած է, բայց Առաջին Հանրապետութեան թղթադրամները պատմութեան մէջ մտած են որպէս հայկական անկախ եւ ինքնիշխան պետութեան կողմէ թողարկուած առաջին դրամանիշներ՝ 14րդ դարուն Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան անկումէն ետք:
Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան պաշտօնական թղթադրամներու եւ նամակադրոշմներու-դրոշմաթուղթերու հրատարակութենէ ետք, Արշակ Ֆեթվաճեան Փարիզի Լուվր թանգարանին եւ Լոնտոնի արուեստի հանրա-ծանօթ սրահներուն մէջ կազմակերպած է Անիի ջրանկարներու եւ հայկական տարազներու շարքերուն ցուցահանդէսները, որոնք մեծ հետաքրքրութեամբ ընկալուած են օտար արուեստասէրներու կողմէ:
Հայաստանի անկախութեան կործանումն ու խորհրդային ամբողջատիրութեան պարտադրումը պատճառ դարձած է, որ Արշակ Ֆեթվաճեան իր հերթին տարագիր դառնայ:
1920ականներու սկիզբը կարճ ժամանակով ապրած է Փարիզ, ապա վերջնականապէս հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ, ուր անցուցած է իր կեանքին վերջին 25 տարիները: Խորհրդայինները սեւ ցանկի վրայ դրած են մեծատաղանդ հայ նկարիչը, եւ երկար տասնամեակներ հայրենի հայութիւնը չէ կրցած ըստ արժանւոյն ճանչնալ ու գնահատել իր արժանաւոր զաւակը:
Արշակ Ֆեթվաճեանի Միացեալ Նահանգներ ժամանելուն պէս անոր աշխատանքները շքեղ տպագրելու համար անհրաժեշտ գումարներ հաւաքելու նպատակով եւ անոր գործունէութեան քառասնամեակը տօնելու համար Նիւ Եորքի հայկական շրջանակներու նախաձեռնութեամբ 1923ին կը ստեղծուի յանձնախումբ մը: Սակայն մի քանի ամիսներ աշխատելէ ետք այս ձեռնարկի կազմակերպիչները կը յուսալքուին, եւ յանձնախումբը կը դադրեցնէ իր գոյութիւնը`հայկական քաղքենի շրջանակներու անտարբերութեան ու պաղ վերաբերմունքին հետեւանքով:
1923ին Արշակ Ֆեթվաճեան Նիւ Եորքի մէջ իւղաներկով նկարած է հասարակական, քաղաքական նշանաւոր գործիչ, Միացեալ Նահանգներու Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին դեսպան Արմէն Գարոյի (Պաստրմաճեան Գարեգինի) դիմանկարը:

Նիւ Եորքի մէջ Ֆեթվաճեան նիւթական անձուկ վիճակի մէջ կ’ապաստանի թշուառ հիւրանոց մը եւ կ’ապրի խեղճուկ սենեակի մը մէջ, ուր թխմուած կ’ըլլայն նաեւ իր բոլոր նկարները: Ան յուսահատ վիճակին մէջ կը մտածէ նոյնիսկ անձնասպանութեան մասին։ Կարճ ժամանակ մը ետք Նիւ Եորքի մէջ կը հանդիպի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Միացեալ Նահանգներու չորս նախկին հիւպատոսներէն մէկուն`զարգացած եւ հեռատես գործարար Մանուէլ Տէր Մանուէլեանին: Նախկին հիւպատոսը տեսնելէ ետք Ֆեթվաճեանի խեղճուկ ապաստարանը, կը հարցնէ անոր. «Այստեղից ո՞ւր պիտի գնաք»: Արշակ Ֆեթվաճեան կը պատասխանէ. «Չգիտեմ»: Մանուէլ Տէր Մանուէլեան կը հարցնէ. «Դրամ ունե՞ք»: Ֆեթվաճեան կը պատասխանէ. «Ո՛չ»: Անմիջապէս, առանց ժամանակ կորսնցնելու Մանուէլ Տէր Մանուէլեան կ’որոշէ իր հովանաւորութեան տակ առնել Արշակ Ֆեթվաճեանը եւ ապաստան տալ անոր սեփական յարկէն ներս: Ան կ’ըսէ. «Դուք պէտք է գաք ինձ հետ եւ ապրէք մեզ մօտ, Բոստոնում: Ես ընտիր կին ունեմ եւ երկու տարեկան որդի: Բացի այդ, Բոստոնը Ամերիկայի Աթէնքն է: Դուք պատկանում էք Բոստոնին»: Արշակ Ֆեթվաճեան կը հարցնէ. «Դուք վստա՞հ էք ձեր որոշման մէջ»: Մանուէլ Տէր Մանուէլեան կը պատասխանէ. «Այո՛»: Ֆեթվաճեան կ’ըսէ. «Լա՛ւ, ես կը գամ»: Այսպէս ան կը դառնայ Մանուէլեաններու ընտանիքին մէկ անդամը:
Մանուէլ եւ Արմենուհի Տէր Մանուէլեաններուն հիւրընկալ օճախին մէջ ան կ’ունենայ տաքուկ ընտանեկան մթնոլորտ, որմէ երկար տարիներ զրկուած էր: Շնորհիւ Մանուէլ Տէր Մանուէլեանի Արշակ Ֆեթվաճեան կը յայտնուի Պոսթընի մէջ որպէս ստեղծագործ արուեստագէտ եւ փայլուն գծագրիչ-նկարիչ: Իր ստեղծագործութիւնները կը ցուցադրուին Գոլոմպիա համալսարանի թանգարանին եւ Շիքակոյի Բրինսթոն համալսարանին մէջ: Ամերիկացի արուեստագէտներ եւ հանրածանօթ գծագրիչներ կը հմայուին Ֆեթվաճեանի ստեղծագործութիւններով եւ կը գնահատեն անոր նկարչական արուեստը:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վերացման հետեւանքով այդ տարիներուն Պոսթըն կ’ապաստանին տարագիր հայութեան վտարանդի դարձած մտաւորականներ`Վարդգէս Ահարոնեանը (նշանաւոր գրող Աւետիս Ահարոնեանի որդին) եւ անոր տիկինը`բանաստեղծուհի Արմէնուհի Տիգրանեանը, (յայտնի երգահան Արմէն Տիգրանեանի քոյրը), յայտնի բառարանագիր եւ որոշ շրջան մը «Հայրենիք» լրագրի խմբագիր եղած Յարութիւն Չաքմաքճեանը (մեծահամբաւ երգահան Ալան Յովհաննէսի հայրը), անուանի գրող Համաստեղը, նշանաւոր հայդուկ՝ զօրավար Սեպուհը (Արշակ Ներսէսեան) եւ ուրիշներ, որոնք Տէր Մանուէլեաններու տան յաճախակի հիւրերը ըլլալով, Արշակ Ֆեթվաճեան ինքզինք առանձին չէ զգացած:
Տէր Մանուէլեաններու երեք զաւակները`Վիգէնը, Հայկը եւ Լուսիկը Ֆեթվաճեանի ներկայութեան մեծցած են եւ դրսեւորուած ազգային խմորումով: Անոց համար Արշակ Ֆեթվաճեան եղած է թէ՛ հօրեղբայր, թէ՚ իւրայատուկ ուսուցիչ եւ օրինակելի անձնաւորութիւն, եւ ան իր գեղարուեստական վաստակով ու նկարագիրով մեծ չափով ուղղութիւն տուած է անոնց ապագայ գեղագիտական կողմնորոշումներուն: Արշակ Ֆեթվաճեանի դասաւանդու-թիւններէն յատկապէս կ’օգտուի Վիգէնը, որ յետագային կը դառնայ Ամերիկայի Հայկական գրադարան-թանգարանի հիմնադրման նախաձեռնողն ու եռանդուն կազմակերպիչը եւ ազգային-հայրենասիրական զանազան ձեռնարկների հեղինակը: Իսկ Լուսիկը, որ կը բախտաւորուի կնքահայր ունենալ Արշակ Ֆեթվաճեանը, ապագային կը դառնայ մասնագէտ ճարտարագէտ (Լիւսի Տէր Մանուէլեան) եւ կը մասնագիտանայ միջնադարեան հայկական ճարտարապետութեան, քանդա-կագործութեան եւ մանրանկարչութեան մէջ:
Պոսթըն ապրած տարիներուն Արշակ Ֆեթվաճեան երբեմն Հարվըրտ համալսարանի եւ այլ հաստատութիւններու, ինչպէս նաեւ առանձին հայկական կազմակերպութիւններու հրաւէրով դասախօսութիւններ տուած է հայ արուեստի եւ ճարտարապետութեան մասին: Անոր դասախօսութիւններուն ներկայ գտնուող ամերիկացի արուեստասէրներ հիացմունքով բացայայտած են իրենց տպաւորութիւնները հայկական գեղարուեստի նկատմամբ եւ անոնք զարմացած են, որ Եղեռնէն մազապուրծ ազատուած, անանձնագիր եւ թշուառութեան եզրին հասած Ամերիկա ապաստանած հայերու նախնիները եղած են այդ բոլորի ստեղծողները:
1925-1930 Պոսթընի մէջ Արշակ Ֆեթվաճեան իւղաներկով վրձինած է շիկահեր եւ կապուտաչեայ երիտասարդ կիներու եւ աղջիկներու պատկերները, որոնք այսօր պահուած են Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի անոր երկերու հաւաքածոյին մէջ:

1929-1931 ան իւղաներկով կատարած է հայ միջնադարեան մշակոյթի նշանաւոր դէմքերու`հայկական գիրերու ստեղծող Մեսրոպ Մաշտոցի, կաթողիկոս Սահակ Պարթեւի, պատմահայր Մովսէս Խորենացիի, պատմիչներ Յովհաննէս Օձնեցիի, Ստեփանոս Տարօնեցիի, առակագիր եւ իրաւագէտ Մխիթար Գոշի, փիլիսոփայ, թարգմանիչ, հասարակական, եկեղեցական գործիչ Եզնիկ Կողբացիի, բանաստեղծ Գրիգոր Նարեկացիի եւ այլոց երեւակայական դիմանկարները: Յատկապէս ազդեցիկ է Գրիգոր Նարեկացիի պատկերը: Ֆեթվաճեան նկարած է նաեւ Ամերիկայի մէջ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Գարոյի, Քրիստափոր Միքայէլեանի, Սիմոն Զաւարեանի, Ստեփան Զօրեանի (Ռոստոմի) դիմանկարները: Ան նկա-րիչներու առաջինը եղած է պատմական անձերու երեւակայական դիմանկար-ներ ստեղծելու մէջ:
1930ին ան մասնակցած է Պոսթընի «Սիմֆոնի Հոլ»ի ցուցահանդէսին, ուր ներկայացուած է նաեւ այլ ազգերու արուեստն ու մշակոյթը, եւ կրցած է ցուցահանդէսին ներկայացնել հայկական ստեղծագործութիւններ: Տունէ տուն շրջելով, իր անձնական պատասխանատուութեամբ, պատմական, ագզային, գեղարուեստական նշանակութիւն ներկայացնող առարկաներ հաւաքած է եւ կազմակերպած է անոնց ցուցադրութիւնը:
Ամերիկեան կարգ մը թանգարաններ եւ արուեստի հաստատութիւններ առաջարկած են գնել Ֆեթվաճեանի ստեղծագործութիւնները, սակայն ան մերժած է՝ հաստատելով, որ իր ստեղծագործութիւնները կը պատկանին միայն ու միայն հայ ժողովուրդին:

Արշակ Ֆեթվաճեան իր կեանքին վերջին 25 տարիները ապրած է երազելով միայն հայրենիք վերադառնալու գաղափարը: Ան մէկէ աւելի անգամներ դիմած է Հայաստանի իշխանութեան, որ վերադառնայ Հայաստան, եւ միշտ մերժուած է: Սակայն հայրենադարձութեան տարին, այլ մտաւորականներու շարքին ինք ալ կը հրաւիրուի վերադառնալու հայրենիք: Ան կը պատրաստուի միանալու ներգաղթող հայերուն եւ ինք իր ձեռքերով կը զետեղէ իր ստեղծագործութիւնները (2000 հատ) սնտուկներու մէջ: Սակայն ան անակընկալ կը հիւանդանայ եւ 84 տարեկանին, 7 Հոկտեմբեր 1947ին, կը մահանայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Մետֆըրտ քաղաքին մէջ: Իր կտակին համաձայն`իր աճիւնը եւ գեղարուեստական ստեղծագործութիւնները տեղափոխուած են Հայաստան եւ պահուած են Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ: Անոր աճիւնները Երեւանի մէջ ամփոփուած են նկարիչ Սեդրակ Աղաճանեանի աճիւններուն մօտ: Դժբախտաբար այսօր անոր գերեզմանը անյայտ է:
Ֆեթվաճեանի ժառանգութիւնը ներկայացնող օրինակներ կը գտնուին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը, որոշ այլ նկարներ Պոսթընի «Հայրենիք» լրագիրի խմբագրատան մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Ամերիկայի եւ այլ երկիրներու մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ:

Եզրափակելով՝ կարելի է կատարել հետեւեալ հաստատումները.
-1890էն սկսեալ Արշակ Ֆեթվաճեան նկարիչի իր տաղանդն ու արուեստաբանի իր հմտութիւնը ի սպաս դրած է հայ ժողովուրդի մշակութային հարստութեան անմահացումին: Գեղանկարներով ու գծանկարներով յաւերժացուցած է հայկական ճարտարապետութեան հոյակերտ, կանգուն թէ կիսաւէր մնացած կոթողները, հայոց ազգային տարազներն ու յուշարձանները: Յատկապէս՝ Անիի աւերակ կոթողները սքանչելի արուեստով ու ճշգրտութեամբ պատկերող ջրանկարներու իր շարքով (30 հատ): Ան աննախընթաց նուաճում մը արձանագրած է հայկական արդի նկարչութեան մէջ:

-Արշակ Ֆեթվաճեան իր ետեւ ձգած է բազմանիւթ գեղարուեստական ժառանգութիւն մը:
-Ան առաջին հայ նկարիչն է, որ գեղանկարչութեան նիւթ դարձուցած է ճարտարապետական կոթողը:
-Ան նկատուած է «անդրանիկ» հայ ջրանկարիչը:
-Ան կոչուած է հայ մշակոյթի կոթողներուն եւ ազգային աւանդներուն անզուգական նկարիչը:
-Կատարողական վարպետութեան առումով՝ Ա. Ֆեթվաճեան, անտարակոյս, ջրանկարի ամենախոշոր վարպետներէն մէկը նկատուած է հայկական կերպարուեստին մէջ:
-Իբրեւ արուեստաբան մամուլի էջերուն մէջ եւ առանձին հատորներով լոյս ընծայած է գեղագիտական մեծարժէք յօդուածներ եւ հայկական ճարտարա-պետութեան նուիրուած ուսումնասիրութիւններ ու նկարազարդումներ:
-Անոր ձեռագիր հայ եւ համաշխարհային արուեստի պատմութեան հատորները, իր յուշերու հաւաքածոն եւ 100է աւելի բանաստեղծութիւնները մնացած են անտիպ:
-Գրած է բազմահատոր երկեր՝ հայկական ճարտարապետութեան պատմութեան մասին:

-Ան որպէս մտաւորական, նկարիչ, պատմաբան, բանաստեղծ, գծագրիչ, արուեստաբան փորձած է փրկել հայ մշակոյթը, արուեստը, արժէքները, հայու անունը եւ իրաւունքները ու փորձած է ներկայացնել այս բոլորը համայն մարդկութեան:
-Ձեւաւորած է թատերական ներկայացումներ։
-Կատարած է թատերական ներկայացումներու ուսումնասիրութիւններ։
-Կատարած է արուեստի բնագաւառի մէջ թարգմանական աշխատանք մասնաւորապէս՝ ֆրանսերէնէ եւ իտալերէնէ հայերէնի։
-Գրած է հայ արուեստի, մշակոյթի, ճարտարապետութեան եւ նոր քաղաքաշինութեան հրատապ հարցերու մասին։
-Յատկանշական են իր հրատարակած հետեւեալ երկերը՝
- «Շրջագայություն Նկարչաց Աշխարհին Մեջ», Հանդէս ամսօրեայ, 1892, թիւ 1-6, 9-11, 1893, թիւ 3, տպուած Վիեննա, Մխիթարեան տպարան:
- «Իմ Մտքերը», Պոսթըն, 1941. Այս հատորը վկայութիւն եղած է իր մտահոգութիւններուն, աշխարհահայացքին, գեղագիտական ճաշակին մասին:
- «Les Ruines d’Ani». Venice, 1906։
- «Հայ Գրքի Գեղարուեստը»։

Արշակ Ֆեթվաճեանի մասին լոյս տեսած են հետեւեալ հատորները.
- Ա. Տէր Մանուելեան Պէյրութի մէջ 1966ին հրատարակած է ՝ «Նկարիչ Արշակ Ֆեթվաճեան» հատորը:
- 2015ին Երեւանի մէջ լոյս տեսած է «Արշակ Ֆեթվաճեան, 1863-1947, Մշակութային Եղեռնից Փրկված Ճարտարապետական Մասունքներ» հատորը:
- Լեւոն Չուգասզեան Երեւանի մէջ հրատարակած է՝ «Արշակ Ֆեթվաճեան Հայ Նկարիչը Արեւմուտքի Եւ Արեւելքի Միջեւ»:
- Լեւոն Չուգասզեան 2011ին Երեւանի մէջ հրատարակած է «Արշակ Ֆեթվաճեան»՝ հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն եռալեզու պատկերագիրքը:
- «ՀԱՊ»ի կողմէ 2015ին Հայաստանի մէջ հրատարակուած է «Մշակութային Եղեռնից Փրկուած Ճարտարապետական Մասունքներ» ալպոմը:
Արշակ Ֆեթվաճեանի ծննդեան 150ամեակին առթիւ Հայաստանի Հանրա-պետութեան կողմէ հրատարակուած են դրոշմաթուղթերու շարք մը՝ օգտա-գործելով Արշակ Ֆեթվաճեանի եւ անոր ստեղծագործութիւններուն նկարները:
Մոնթրէալ, 25 Մայիս 2020