ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 3 Յունիսի յետմիջօրէին յայտարարեցին, թէ նախորդող 24 ժամերուն ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած 46 քաղաքացիներ մահացած են գաւառին տարածքին եւ արձանագրուած են վարակման 1155 նոր պարագաներ:
Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին արձանագրուած են 58,234 վարակումներ եւ 2489 մահեր, որոնց 93 տոկոսը առողջական այլ բարդութիւններ ունէր: Քննութիւններուն թիւը հասած է 646,000ի, որոնց 8 տոկոսը վարակակիր եղած է:
Քալիֆորնիոյ տարածքին վարակուածներուն թիւը կը մօտենայ 120,000ի եւ արձանագրուած են 4421 մահեր: Միացեալ Նահանգներու մէջ այդ թիւերը յաջորդաբար՝ 1.9 միլիոն եւ 109,620 են:
Միացեալ Նահանգներէն ետք վարակակիրներու մեծագոյն թիւը ունեցող Պրազիլի մէջ, վարակումներու արագ աճը կը շարունակուի եւ հասած է 590,485ի, իսկ մահերուն թիւը՝ 32,688ի:
Աշխարհի տարածքին վարակուածներուն թիւը անցաւ 6?64 միլիոնի սահմանը, իսկ մահերուն թիւը կը մօտեայ 390,000ի: Ապաքինած են մօտաւորապէս 3.21 միլիոն վարակուածներ: