ՄԻՆԷԱՓՈԼԻՍ, «Էյ.Փի.».- Մինչ 46ամեայ սեւամորթ քաղաքացի Ճորճ Ֆլոյտը ձերբակալած եւ ուշակորոյս վիճակի մէջ զայն սպաննած ոստիկանը յաւելեալ յանցանքներով ամբաստանուեցաւ, իսկ Չորեքշաբթի օր, պաշտօնապէս ամբաստանուեցան եւ ձերբակալուեցան սպանութիւնը կասեցելու համար ոչ մէկ քայլ առած երեք ոստիկանները:
Ցուցարարները արմատական փոփոխութիւն կը պահանջեն իրաւապահական համակարգին մէջ՝ յիշեցնելով, որ ոստիկաններու կողմէ սպաննուած 10 ամերիկացիներէն 6ը անզէն եղած են եւ բոլոր սպաննուածներուն մէկ երրորդը՝ սեւամորթ, մինչ բնակչութեան միայն 13 տոկոսը սեւամորթ է:
Յայտնենք, որ Ֆլոյտի յիշատակին արարղութիւն մը տեղի ունեցաւ Մինէափոլիսի մէջ։
Միացեալ Նահանգներու այլ քաղաքներու նման, Լոս Անճելըսի տարածքին եւս տեղի ունեցան խաղաղ բողոքի ցոյցեր, որոնցմէ ամէնէն մեծը տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանին մօտ, շրջանային դատախազ Ճեքի Լէյսիի գրասենեակին դիմաց, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ «Սեւամորթներու կեաքները արժէք ունին» շարժումը տարբեր առիթներով անբաւարար համարած է սեւամորթներու դէմ ոստիկանութեան բռնարարքներուն դէմ անոր քայլերը։