ԹԱԳՈՒՀԻ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
(Ծնեալ՝ Մայիս 17, 1940ին, Հալէպ, Սուրիա)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ մօր, մեծ մօր եւ հարազատին՝ Թագուհի Խաչատուրեանի մահը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2020ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի Յունիս 17, 2020ին, առաւօտեան ժամը 11ին, միայն ընտանեկան պարագաներով, էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, ապա թաղումը՝ բոլորին ներկայութեամբ կէսօրէն ետք ժամը 12։30ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Զաւակները՝ Էլօ եւ Յակոբ Միրզոյեան եւ զաւակները՝ Անդրանիկ, Աբիկ եւ Վանա
Մարալ եւ Յարութ Խոտանեան եւ զաւակները՝ Տիգրան եւ Գարին
Սագօ եւ Սօսի Խաչատուրեան եւ զաւակները՝ Ստեփան, Սարին եւ Շանթ
Յովիկ եւ Շաղիկ Խաչատուրեան
Եւ համայն Խաչատուրեան, Գազանճեան, Միրզոյեան, Խոտանեան, Մանուկեան, Իֆատեան, Մինասեան, Թոփճեան, Գարակէօզեան, Ներսէսեան, Պետիրեան, Մարտիկեան, Յովհաննէսեան, Տէմիրճեան, Պանտիկ եւ Պարսումեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ՀՕՄի »Անահիտ« մասնաճիւղին։
ԹԱԳՈՒՀԻ (ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ) ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէութեան ընկեր-ընկերուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի դստեր՝ իրնեց ընկերուհիներէն Էլիզապէթ (Խաչատուրեան) Միրզոյեանին, ընտանեկան բոլոր պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ԹԱԳՈՒՀԻ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀOՄի Լոռի մասնաճիւղի վարչութիւնն ու անդամուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի դստեր՝ մասնաճիւղի անդամներէն Մարալ Խոտանեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։