ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Մինչ Չինաստան կարգ մ շրջաններու մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին տարածումը զսպելու նպատակով մեկուսացման պայմաններ կը պարտադրէ, աշխարհի տարածքին կը շարունակուին որդեգրուած նման մեկուսացման պայմանները մեղմացնելու քայլերը։
Այդ ծիրին մէջ, այսօրուընէ սկսեալ, Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները սկսան վերաբանալ ներքին սահմանները, որոշ սահմանափակումներով, մինչ Ամերիկայի տարածքին համաճարակի բռնկումին երկրորդ ալիքի մը շուրջ մտավախութիւնները կը շարունակուին։
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 14 Յունիսի յետմիջօրէին յայտարարեցին, թէ նախորդող 24 ժամերուն ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած 17 քաղաքացիներ մահացած են գաւառին տարածքին եւ արձանագրուած են վարակման 1003 նոր պարագաներ։ Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին արձանագրուած են 73,018 վարակումներ եւ 2907 մահեր։ Քննութիւններուն թիւը հասած է 803,000ի, որոնց 8 տոկոսը վարակակիր եղած է։
Քալիֆորնիոյ տարածքին վարակուածներուն թիւը կը մօտենայ 153,000ի եւ արձանագրուած են 5089 մահեր։ Միացեալ Նահանգներու մէջ այդ թիւերը յաջորդաբար՝ 2․17 միլիոն եւ 117,959 են։
Միացեալ Նահանգներէն ետք վարակակիրներու մեծագոյն թիւը ունեցող Պրազիլը այժմ ունի նաեւ մահերու 2րդ մեծագոյն թիւը։ Հոն վարակակիրներուն թիւը հասած է 873,963ի, իսկ մահերուն թիւը՝ 43,485ի։ Վարակակիրներու արագ աճ կ՛արձանագրուի նաեւ Հնդկաստանի մէջ, ուր ներկայիս կան 342,291 վարակուածներ։
Աշխարհի տարածքին վարակուածներուն թիւը անցաւ 8 միլիոնի սահմանը, իսկ մահերուն թիւը կը մօտեայ 437,000ի։ Ապաքինած են մօտաւորապէս 4․2 միլիոն վարակուածներ։
նկար