ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ»․- Յայտնի թուրք դիւանագէտ Վոլքան Պոզքըր ընտրուեցաւ ՄԱԿի 75րդ Ընդհանուր ժողովի նախագահ։ Առաջին անգամ ըլլալով Թուրքիայէն ներկայացուցիչ մը պիտի նախագահէ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին։ Կազմակերպութեան անդամ 192 երկիրներէն 178ը ձայն տուաւ Վոլքան Պոզքըրին։
Յառաջիկայ Սեպտեմբերին պիտի սկսի Վոլքան Պոզքըրի պաշտօնավարութիւնը, որուն ժամկէտը մէկ տարի է։
Յիշեցնենք, որ Հայաստան, Յունաստան եւ Կիպրոս, աւելի ուշ, նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները բողոքարկած էին թուրք գործիչին թեկնածութեան դէմ:
Պոզքըր 2015ին վիրաւորանքներով յարձակում գործած էր Ֆրանսիս պապին վրայ` Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու անոր որոշումին համար:
Պոզքըր նախապէս վարած է Թուրքիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահի եւ Եւրոպական Միութեան հետ հարցերու նախարարի պաշտօնը:
Աւելցնենք, որ Հնդկաստան, Մեքսիքա, Քենիա, Նորվեկիա եւ Իրլանտա ընտրուեցան ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի 2021-2022 թուականներու ոչ-մնայուն անդամներ: Անոնք իրենց աթոռները պիտի ստանձնեն Յունուարին: