ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Առ․Թի․»․- Սուրիոյ հարցերու Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Ճէյմզ Ճեֆրի յայտնեց, թէ իր երկիրը չի պահանջեր Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութենէն հեռանալը, այլ կ՛ուզէ, որ ան փոխէ իր վարմունքը:
«Մենք ամբողջական յաղթանակ չենք պահանջեր: Մենք չենք ըսեր, թէ Ասատ պէտք է հեռանայ: Կ՛ըսենք, որ Ասատ պէտք է փոխուի, եւ այդ կառավարութեան պատասխանատուն պէտք է իր վերաբերումը փոխէ։ Մենք նաեւ չենք ըսեր, թէ ռուսերը պէտք է հեռանան», նշեց ամերիկացի պատուիրակը, որուն կառավարութիւնը անցեալ շաբաթ տնտեսական յաւելալ պատժամիջոցներ պարտադրեց Դամասկոսի վրայ։
Ան նշեց, թէ իշխանութեան փոփոխութեան հարցը ձգուած է սուրիացի ժողովուրդին: