ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 24 Յունիսին, Արցախի մէջ հաստատուեցան «Քորոնա» ժահրի երեք նոր պարագաներ՝ ընդհանուր թիւը հասցնելով 113ի, որոնցմէ 77ը արդէն բուժուած են:
Արցախի մէջ «Քորոնա» համաճարակի նոր օճախ յայտնաբերուած է Շահումեանի շրջանին մէջ:
Արցախի մէջ քննութիւն կատարած են 1763 անձեր. կան 65 մեկուսացուած անձեր. մահեր չկան։