ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Պի․Պի․Սի․»․- Ինչպէս մասնագէտներ կ՛ակնկալէին, տնտեսութիւնը վերաբանալու քայլերը սկսած է բազմացնել Միացեալ Նահագներու տարածքին «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը, որ Հինգշաբթի օր նոր մրցանիշ հաստատեց՝ անցնելով 40,000ի սահմանը։
Նոյն ժամանակ հաղորդուեցաւ, որ նախորդ շաբաթ անգործութեան ապահովագրութենէն նպաստ ստանալու նոր դիմումներ կատարած են եւս 1․5 միլիոն քաղաքացիներ։
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 25 Յունիսի յետմիջօրէին յայտարարեցին, թէ նախորդող 24 ժամերուն ընթացքին, «Քորոնա» ժահրով վարակուած 42 քաղաքացիներ մահացած են գաւառին տարածքին եւ արձանագրուած են վարակման 2012 նոր պարագաներ։ Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին արձանագրուած են 91,467 վարակումներ եւ 3246 մահեր։
Քալիֆորնիոյ տարածքին վարակուածներուն թիւը անցաւ 200,000 սահմանը եւ արձանագրուեցան 5809 մահեր։ Միացեալ Նահանգներու մէջ այդ թիւերը յաջորդաբար՝ 2․5 միլիոն եւ 126,911 են։
Միացեալ Նահանգներէն ետք վարակակիրներու եւ մահերու մեծագոյն թիւերը ունեցող Պրազիլի մէջ արձանագրուած են 1․23 միլիոն վարակումներ, իսկ մահերուն թիւը հասած է 55,054ի։ Վարակակիրներու արագ աճ կ՛արձանագրուի նաեւ Ռուսիոյ եւ Հնդկաստանի մէջ, ուր ներկայիս կան յաջորդաբար 620,794 եւ 501,864 վարակուածներ։
Աշխարհի տարածքին վարակուածներուն թիւը անցաւ 9.8 միլիոնի սահմանը, իսկ մահերուն թիւը կը մօտեայ 493,000ի։ Ապաքինած են մօտաւորապէս 5․3 միլիոն վարակուածներ։