ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 29 Յունիսի դրութեամբ՝ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած պարագաներու թիւը հասաւ 25,127ի, որոնց 13,297ը ապաքինած են: Մէկ օրուան ընթացքին վարակուածներուն թիւը աւելցաւ 482ով, իսկ մահերունը՝ 7ով։
Ներկայիս ժահրէն կը բուժուին 11,254 անձեր, իսկ ընդհանուր առմամբ կատարուած են 110,571 քննութիւններ:
Ցայսօր, այս հիւանդութենէն մահացած են 433 անձեր: