ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- 27 Յունիսին, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցաւ Սահմանադրական դատարանի նախագահի պարտականութիւնները կատարող Աշոտ Խաչատրեանի հետ։
Արարատ Միրզոեան Աշոտ Խաչատրեանին տեղեկացուց, որ 26 Յունիս 2020ին ուժի մէջ մտած Սահմանադրութեան փոփոխութիւններով դադրած են լիազօրութիւնները Սահմանադրական դատարանի դատաւորներ (անդամներ) Հրանդ Նազարեանի, Ֆելիքս Թոխեանի եւ Ալվինա Գիւլումեանի, որոնց Սահմանադրական դատարանի անդամի կամ դատաւորի պաշտօնին վրայ պաշտօնավարման ընդհանուր տեւողութիւնը եղած է 12 տարիէն աւելի: Նաեւ դադրած է Հրայր Թովմասեանի պաշտօնավարութիւնը՝ իբրեւ Սահմանադրական դատարանի նախագահ, ուրեմն, Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի նախագահի պարտականութիւնները մինչեւ նոր նախագահի ընտրութիւնները կը կատարէ Սահմանադրական դատարանի դատաւորներուն տարիքով աւագը՝ յանձին Աշոտ Խաչատրեանի։
Աշոտ Խաչատրեան իր կարգին հաստատեց, որ Սահմանադրական դատարանի նախագահի պարտականութիւնները կատարելու ընթացքին պիտի շարունակէ ապահովել Սահմանադրութեան գերակայութիւնը, գործել անկախ եւ անաչառ։