ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Պի․Պի․Սի․»․- Մինչ Միացեալ Նահանգներու մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը 3 միլիոնի սահմանը անցնելով՝ հասաւ 3,117,629ի, աշխարհի տարածքին վարակուածներուն թիւը 12 միլիոնի սահմանը անցաւ։
Աշխարհի տարածքին մահերուն թիւը կը մօտեայ 550,000ի, եւ ապաքինած են մօտաւորապէս 7 միլիոն վարակուածներ։ Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացած են 134,175 վարարկիրներ։
7 Յուլիսի յետմիջօրէին յայտարարուեցաւ, թէ նախորդող 24 ժամերուն ընթացքին Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին, վարակուած 46 քաղաքացիներ մահացան եւ արձանագրուած են վարակման 4015 նոր պարագաներ։ Վերջին այս հսկայ թիւին մօտաւորապէս կէսը կու գայ տարրալուծարանէ մը, որ նախորդող 5 օրերու տուեալները միասնաբար ներկայացուցած է։
Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին արձանագրուած են 120,539 վարակումներ եւ 3579 մահեր։ Քննութիւններուն թիւը հասած է 1,123,000ի, որոնց 11․6 տոկոսը վարակակիր եղած է։
Քալիֆորնիոյ տարածքին վարակուածներուն թիւը կը մօտենայ 287,514ի, եւ արձանագրուած են 6563 մահեր։
Պրազիլի, Հնդկաստանի եւ Ռուսիոյ մէջ կան յաջորդաբար՝ 1․67 միլիոն, 766,273, եւ 700,792 վարակուածներ։