ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Պատասխանելով Սպիտակ տան բանբեր Քէյլի ՄքԷնենիի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին կատարած ակնարկութեան մասին «Ասպարէզ»ի ներկայացուցած հարցադրումին՝ Սպիտակ տունը տեղեկացուց, թէ այդ հարցին նկատմամբ կառավարութեան կեցուածքը չէ փոխուած՝ յիշեցնելով Հայոց Ցեղասպանութեան 105ամեակին առիթով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարութիւնը։
Նշենք, որ հակառակ այն իրողութեան, որ Ներկայացուցիչներու տունը եւ Ծերակոյտը գրեթէ միաձայնութեամբ ընդունած էին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւները՝ Թրամփ այս տարի եւս մերժած էր Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրը գործածել եւ օգտագործած էր «Մեծ Եղեռն» եզրը:
Սպիտակ տան բանբերը, անդրադառնալով ստրկատէրերու արձաններուն վրայ յարձակումներուն՝ նշած էր նաեւ Քոլորատոյի նահանգային կառավարութեան կեդրոնը զետեղուած Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան-խաչքարին պղծումը։
We Armenians got exited too fast, knowing whom we have to deal with. I thought this was just fishing to bring back on board Armenians being behind Biden on many poles, and if gets elected nothing will change because America’s national interest and his own investments in Turkey.