Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամ Էտըմ Շիֆ այսօր մտահոգութիւն յայտնեց Հայաստանի Տաուշի շրջանի սահմանագիծին վրայ ատրպէյճանական բանակի սադրիչ գործողութիւններուն եւ հայկական դիրքերը ու գիւղերը ռմբակոծելու յարձակողական արարքներուն նկատմամբ՝ շեշտելով, որ այս քայլերը մեծապէս կը վտանգեն զինուորներու եւ քաղաքացիներու կեանքը:
«Այս գործողութիւնները պէտք է դիտուին Արցախի եւ Հայաստանի դէմ Ատպրպէյճանի ռազմատենչ հռետորաբանութիւններու ծիրին եւ սահմաններուն վրայ մշտական դիտորդներ տեղադրելու անոր հետեւողական մերժումի վարքագիծին մէջ», իր յայտարարութեան մէջ կ՛ընդգծէ Շիֆ:
Այս առիթով, Շիֆ կոչ ուղղեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան՝ հակամարտ կողմերը հրաւիրելու զսպուածութեան եւ դիւանագիտական միջոցներով լարուածութիւնը մեղմացնելու: