
ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Էյ․Պի․Սի․»․- Համաճարակին արագ տարածման ի տես, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը ցաւ յայտնեց, որ շարք մը երկիրներ բաւարար լրջութեամբ չեն մօտենար տագնապին։
«Չափազանց մեծ թիւով երկիրներ սխալ ուղղութեամբ կը շարժին։ Եթէ կառավարութիւնները յստակ ուղերձներ չյղեն իրենց քաղաքացիներուն, եթէ չկայ մարդկային կեանքեր փրկելու եւ վարակին տարածումը սահմանափակելու յստակ ռազմավարութիւն, եթէ քաղաքացիները չհետեւին տարրական կանոններուն, իրավիճակը միայն պիտի վատթարանայ», յայտարարեց կազմակերպութեան ղեկավար Թետրոս Ղեպրէյէսուս։
Իր կարգին, Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ յայտարարեց, որ նահանգին տարածքին շարք մը սահմանափակումներ դարձեալ պիտի պարտադրուին, զսպելու համար համաճարակին տարածումը։ Ճաշարանին մէջ ընթրելը դարձեալ պիտի արգիլուի, պիտի փակուին խմիչքի սրահները, թանգարանները եւ շարք մը այլ հաստատութիւններ։
Շարք մը այլ գաւառներու նման, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները մեկուսացման յաւելեալ քայլերու դիմելով՝ յայտարարեցին, թէ ոչ բացօթեայ շուկաները, կենսական չնկատուող սպասարկութիւններու գրասենեակները, պաշտամունքի վայրերը եւ մարզանքի սրահները պէտք է փակուին։
Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանը եւս յայտարարեց, որ հանրային վարժարաններու աշակերները 2020-2021 կրթական տարեշրջանի սկիզբը պիտի չվերադառնան իրենց դպոցները եւ համացանցի միջոցաւ պիտի շարունակեն իրենց ուսումը, մինչեւ կացութեան բարելաւումը։
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 13 Յուլիսի յետմիջօրէին յայտարարեցին, թէ նախորդ 24 ժամերուն ընթացքին, «Քորոնա» ժահրով վարակուած 13 քաղաքացիներ եւս մահացան գաւառին տարածքին։ Նոյն ժամանակահատուածին մէջ արձանագրուեցան վարակման 2593 նոր պարագաներ։ Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին արձանագրուած են 136,129 վարակումներ եւ 3822 մահեր։ Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են մօտաւորապէս 336,000 վարակումներ եւ 7099 մահեր։ Միացեալ Նահանգներու մէջ այդ թիւերը յաջորդաբար՝ 3.5 միլիոն եւ 138,291 են:
Աշխարհի տարածքին վարակուածներուն թիւը 13․3 միլիոն է, որուն 7․75 միլիոնը ապաքինած է։ Մահացած են 576,524 վարակակիրներ։
Վարակուածներու թիւով Միացեալ Նահագներուն յաջորդող Պրազիլի, Հնդկաստանի եւ Ռուսիոյ մէջ կան յաջորդաբար 1.89 միլիոն, 912,570 եւ 739,947 վարակուածներ: