
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Փենթակոնը յայտնեց, որ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն եւ ռուս պաշտօնատարներու միջեւ տեղի ունեցած կանոնաւոր հանդիպումներուն մասին տեղեկութիւններ ունի: Մեկնաբանելով քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու հրամանատար Մազլում Ապտիի` Սուրիոյ մէջ ռուսական ուժերու հրամանատար Ալեքսանտր Չայքոյի հետ հանդիպումը՝ Փենթակոնը յայտնեց. «Միացեալ Նահանգները մասնակից չէ այդպիսի ժողովներու, եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն յայտնած է, թէ այդ իրենց գիտնալիքն է»:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը նշեց, որ Ուաշինկթըն կը շարունակէ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն հետ իր գործընկերութիւնը` աւելցնելով, որ անիկա «Իսլամական պետութեան» դէմ պատերազմին մէջ «վճռորոշ ուժ էր եւ տակաւին է»:
Նշենք, որ Չայքոյի հետ հանդիպումէն ետք, Ապտի «Թուիթըր»ի վրայ գրած էր հետեւեալը. «Համաձայնութիւն գոյացաւ համակարգումի եւ հասարակաց աշխատանքին մակարդակը բարձրացնելու շուրջ»: