ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Սի․Էն․Էն․»․- «Քորոնա» ժահրի համաճարակին արագ տարածումը պատճառ դարձած է, որ առնուազն 27 նահանգներ կասեցնեն տնտեսութիւնը վերաբանալու ջանքերը կամ մեկուսացման պայմանները վերահաստատեն, մինչ Երեքշաբթի օր, Միացեալ Նահանգներու տարածքին միօրեայ վարակումներուն թիւը նոր մրցանիշ մը հաստատեց՝ հասնելով 67,417։ Նախորդ շաբթուան տուեալներուն համաձայն՝ 38 նահագներու մէջ վարակումներու թիւը աճած է։ Այժմ երկրին մէջ կան առաւել քան 3․5 միլիոն վարակուածներ եւ արձանագրուած են 139,413 մահեր։
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 14 Յուլիսի յետմիջօրէին յայտարարեցին, թէ նախորդ 24 ժամերուն ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած 73 քաղաքացիներու մահը եւ 4244 նոր վարակումներ արձանագրուած են գաւառին տարածքին։ Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին արձանագրուած են 140,307 վարակումներ եւ 3894 մահեր։ Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են մօտաւորապէս 346,445 վարակումներ եւ 7243 մահեր։
Աշխարհի տարածքին վարակուածներուն թիւը 13․5 միլիոն է, որուն 7․9 միլիոնը ապաքինած է։ Մահացած են 583,149 վարակուած անձեր։ Վարակուածներու թիւով Միացեալ Նահագներուն յաջորդող Պրազիլի, Հնդկաստանի եւ Ռուսիոյ մէջ կան յաջորդաբար 1.93 միլիոն, 959,993 եւ 746,369 վարակուածներ: