ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- 14 Յուլիսէն 15 Յուլիս լուսցող գիշերը, հազարաւոր ատրպէյճանցիներ Հայաստանի դէմ կտրուկ քայլեր ձեռնարկելու պահանջով ցոյց կատարեցին Պաքուի կեդրոնական հրապարակին վրայ եւ անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ խորհրդարան խուժեցին, ոստիկանութեան հետ բախումներու առաջնորդելով։
Թովուզի մէջ ռազմական անյաջողութիւններուն եւ մասնաւորաբար բարձրաստիճան զինուորականներու մահուան պատճառով կազմակեպուած հաւաքը զսպելու նպատակով, կարգ մը ոստիկաններ ցուցարարներուն ըսին հետեւեալը․ «Մենք 200 հայ սպաննած ենք ճակատին վրայ», սակայն ցուցարարները սկսան «ստախօսներ» պոռալ։
Տեղական աղբիւրներու գնահատումով՝ ցուցարարներուն թիւը կը հասէր 10,000ի։
Ցուցարարները Պաքուի կեդրոնական փողոցներէն հեռացան Չորեքշաբթի կանուխ առաւօտեան։
Ցուցարարներուն գրգռուածութեան պատճառը հաւանաբար թերահաւատութիւնն է, որ կայ հանրութեան մօտ պաշտօնական տեղեկատուութեան հանդէպ։