ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր այս տարուան ամառնային վարժողական ծրագիրին մասնակցողները Երկուշաբթի օր առցանց հանդիպում մը ունեցան քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի հետ, քննարկելով «Քորոնա» ժահրի համաճարակին ստեղծած առողջապահական եւ տնտեսական տագնապին դէմ Քոնկրեսին քայլերը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի ներագոյն յարձակման ծալքերը։
Քոնկրեսական Շիֆ նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցեց Արցախի ականազերծման ջանքերուն նպաստելու համար ամերիկեան օժանդակութեան շարունակականութիւնը ապահովելու ջանքերուն մասին։