Սոյն գրութեամբ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, հօրս՝ ԳՐԻԳՈՐ ՏՕՆՈՅԵԱՆի մահուան տխուր առիթով Ձեր բոլորին բարձրացուցած աղօթքներուն, ընտանիքիս եւ անձիս նկատմամբ ցուցաբերած ազնիւ հետաքրքրութեան եւ հոգեւոր սփոփանքին համար։
Յատուկ շնորհակալութիւն ՆՍՕՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Իր մխիթարական խօսքին եւ հայրական սիրոյն համար։
Սրտագին շնորհակալութիւն Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Սրբազանին, հոգեւորականաց դասուն, Կրօնական ժողովին, Ազգային վարչութեան եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն։
Խորին շնորհակալութիւն ՀՅԴ Բիւրոյին եւ Արեւմտեան շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան, Թեմիս Երեսփոխաններուն, ծխական մարմիններուն, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինին, առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինին, Ազգային վարժարաններուն տնօրէնութեանց եւ Ազգ. առաջնորդարանի անձնակազմին։
Երախտագէտ խօսք Կիլիկեան Սուրբ Աթոռի Միաբան եղբայրներուս, իրենց ցուցաբերած ջերմ ու անկեղծ զօրակցութեան եւ թաղման ու սուգի օրերուն ընտանիքիս եւ մեր կողքին կանգնելնուն համար։
Մասնաւոր շնորհակալութիւն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, յետ հոգեհանգստեան արարողութեան հիւրասիրութիւնը ստանձնելուն համար, եւ բոլոր անոնց, որոնք գրութիւններով, հեռախօսազանգերով, ծաղկեպսակներով կամ անձամբ մխիթարութիւն շնորհեցին մեզի։
Թող Տէրը իր լոյս արքայութեան արժանացնէ Հօրս հոգին եւ բոլորիդ շնորհէ երկար եւ առողջ կեանք։
Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան
Առաջնորդական Փոխանորդ
Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի