ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ռուսիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Վարդան Տողանեանի եւ Ատրպէյճանի դեսպան Փոլատ Պիւլպիւլօղլիի հետ քննարկեց հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրավիճակի կայունացման խնդիրները: Լուրը փոխանցեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքը:
Նախարարին եւ դեսպաններուն հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան առանձնատան մէջ՝ աշխատանքային նախաճաշի ընթացքին: Քննարկուեցան Անդրկովկասի մէջ անվտանգութեան ապահովման, հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրավիճակը կայունացնելու հարցը, ԵԱՀԿւ Մինսկի խումբի
համանախագահներուն հովանիին տակ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերաբերող ջանքերու աշխուժացման հեռանկարները: