ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Մինչ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին տարածումը կը շարունակէ արագանալ Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի տարածքին, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 28 Յուլիսի յետմիջօրէին յայտարարեցին, թէ նախորդող 24 ժամերուն ընթացքին վարակուած 51 քաղաքացիներ մահած են եւ արձանագրուած են 2708 նոր վարակումներ: Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառին տարածքին արձանագրուած են 178,642 վարակումներ եւ 4426 մահեր։
Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են մօտաւորապէս 475,000 վարակումներ եւ 8716 մահեր:
Ներկայիս աւելի քան 4․5 միլիոն վարակակիրներով եւ 152,000 մահերով աշխարհի առաջինը հանդիսացող Միացեալ Նահագներուն յաջորդող Պրազիլի, Հնդկաստանի եւ Ռուսիոյ մէջ կան յաջորդաբար 2.5 միլիոն, 1․6 միլիոն եւ 828,990 վարակուածներ:
Աշխարհի տարածքին վարակակիրներուն թիւը կը մօտենայ 17 միլիոնի սահմանը, իսկ զոհերուն թիւը՝ 665,000ի։ Ապաքինած են 10․5 միլիոն վարակակիրներ։