ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- «Քորոնա» ժահրի համաճարակին մասին իրենց օրական մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Լոս Անճելըս գաւառի առողջաահութեան մարզի պաշտօնատարները 3 Օգոստոսի յետմիջօրէին հաղորդեցին, որ վարակումներուն թիւը սկսած է կայունանալ գաւառին եւ Քալիֆորնիոյ մէջ, նոյն ժամանակ շեշտելով, որ պէտք է շարունակել տարածումը զսպող քայլերը։
Հաղորդուեցաւ, որ վարակուողներուն եօթնօրեայ միջինը օրական 2600ի իջած է, մինչ քանի մը շաբաթ անիկա 3000ի բարձրացած էր։
Նաեւ, նախորդող 24 ժամերուն ընթացքին գաւառին մէջ վարակուած 12 քաղաքացիներ մահցած են եւ արձանագրուած են 1634 նոր վարակումներ: Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառին տարածքին արձանագրուած են 193,788 վարակումներ եւ 4701 մահեր:
Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են մօտաւորապէս 522,000 վարակումներ եւ 9508 մահեր:
Մօտաւորապէս 4․9 միլիոն վարակակիրներով եւ 159,500 մահերով աշխարհի առաջինը հանդիսացող Միացեալ Նահագներուն կը յաջորդեն՝ Պրազիլ, Հնդկաստան եւ Ռուսիա, ուր կան յաջորդաբար 2.75 միլիոն, 1․9 միլիոն եւ 861,000 վարակուածներ:
Աշխարհի տարածքին վարակուածներուն թիւը անցաւ 18․5 միլիոնի սահմանը, իսկ մահերուն թիւը՝ 700,000ի։ Ապաքինած են 11․7 միլիոն վարակուածներ: