ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Երկուշաբթի, 27 Յուլիսին, երեկոյեան ժամը 7էն-8.30 տեղի ունեցաւ առցանց հանդիպում մը Քալիֆորնիոյ նահանգի 25րդ շրջանի արդարասէր ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինոյի հետ։
25րդ շրջանը ունի 21 քաղաքներ եւ աւաններ, որոնց մէջ մեծ թիւով հայեր կ՛ապրին։ Փորթանթինօ Նիւ Ճըրզի ծնած է։ Իր ծնողքը շատ ջերմ ու սերտ յարաբերութիւններ ունէին Նիւ Ճըրզիի հայերուն հետ։ Ան Քալիֆորնիա տեղափոխուելէն եւ ամուսնանալէն ետք, իր կնոջ հետ կը հիմնեն իրենց ֆիլմարտադրութեան ընկերութիւնը։ Ապա անցաւ հասարակական-քաղաքական գործունէութեան․ մօտ 10 տարի եղած է Լա Քանիատայի քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամ, որմէ 8 տարի եղած է այդ քաղաքի քաղաքապետը։ Ապա երկու շրջան՝ ութը տարի ընտրուած է Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ՝ 44րդ շրջանէն։ 2016ին ընտրուած է նահանգային Ծերակոյտի անդամ ներկայացնելով 25րդ շրջանը։
Հայութեան թանկագին բարեկամ Փորթանթինօ մաս կը կազմէ քաղաքային, գաւառային, նահանգային, դաշնակցային եւ հասարակական ու քաղաքական յանձնախումբերու եւ մարմիններու, միշտ ալ արժանացած է քաղաքացիներու յարգանքին։
ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր եւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան բարի գալուստի ջերմ խօսքէն ետք, մեր կուսակցութեան ողջ անդամներուն անունով, շնորհակալութիւն յայտնեց ծերակուտականին անոր մշտատեւ նուիրեալ ծառայութեան համար եւ հայ գաղութին հետ ունեցած մօտիկ յարաբերութեանց համար։ Պալեան գնահատեց եւ արժեւորեց Հայաստանին, մեր գաղութին եւ համայն հայութեան նպաստած Փորթանթինոյի զօրակցութիւնը։ Ապա ան մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ Հայաստանը եւ ամբողջ հայութիւնը յուզող հարցերուն մասին։
Շրջանի Հայ Իրաւանց խորհուրդի ատենապետուհի Շուշան Պաղպուտարեանի ղեկավարութեամբ շարունակուեցաւ հանդիպումը։
Փորթանթինօն շատ հակիրճ խօսքով մը պատմեց իր ծանօթութիւնը հայերու հետ։ Խօսեցաւ երկիրը ցնցող եւ ժողովուրդը տագնապեցնող պսակաձեւ ժահրի ծրագիրներուն մասին։ Ապա ան իր խորունկ ցաւը յայտնեց Ատրպէյճանի նորագոյն յարձակումներուն համար։
Փորթանթինօ ներկայ եղած է Լոս Անճելըսի Ատրպէյճանի հիւպատոսարանի շէնքին առաջ հայերու խաղաղ ցոյցերուն։
Ան խօսեցաւ Հայաստան-Քալիֆորնիոյ տնտեսական կապերու զարգացման, հայկական թանգարանի կառուցման եւ մեր կուսակցութեան հետ աւելի արդիւնաւոր եւ սերտ կապեր ստեղծելու մասին։
Շատ մը հարցումներ տրուեցաւ եւ Փորթանթինօ մեծ սիրով ու սպառիչ պատասխաններ տուաւ։
Շահեկան այս հանդիպումը վերջ գտաւ․ բոլոր ներկաները համաձայն էին, որ նման հանդիպումներ յաճախակի տեղի ունենան։
Շուշան Պաղպուտարեանի փակման եւ հրաժեշտի խօսքով վերջ գտաւ հանդիպումը։