ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ․Փի․»․- «Քորոնա» ժահրի համաճարակին ստեղծած տնտեսական ճգնաժամէն տուժած քաղաքացիներուն աջակցելու նպատակով ընդհանուր ծրագիրի մը շուրջ համաձայնելու՝ Ներկայացուցիչներու տան, Ծերակոյտին եւ Սպիտակ տան միջեւ բանակցութիւնները ձախողութեան մատնուեցան անցնող շաբաթավերջը, յատկապէս Սպիտակ տան անզիջող կեցուածքին հետեւանքով. նախագահ Թրամփ դարձեալ ինքնագլուխ քայլերու դիմեց։
Անոնցմէ մէկն էր անգործներուն վերջին 4 ամիսներուն տրամադրուած դաշնակցային նպաստը մինչեւ տարեվերջ երկակարաձգելը, սակայն գումարը 600 տոլարէն իջաւ 400ի, որուն միայն 300ը Ուաշինկթըն պիտի տրամադրէ, իսկ 100ը՝ նահանգները։ Նկատի ունենալով, որ նախագահը նման քայլ մը առնելու գումարներ չունի, ան որոշեց բնական աղէնտներու համար նախատեսուած 44 միլիառ տոլարը յատկացնել այս նպատակին։
Դեմոկրատ ղեկավարներ դատապարտեցին այս քայլը, զայն հակասահմանադրական եւ տագնապին միայն մասնակի լուծում տուող քայլ մը նկատելով՝ շեշտելով, որ այս տնօրինումը իրականութեան վերածելը շաբաթներու կամ նոյնիսկ ամիսներու կը կարօտի։
Թրամփ նաեւ հրահանգեց տարեական մինչեւ 100,000 տոլարի եկամուտ ունեցող գործաւորներուն եկամուտի տուրքը (շուրջ 7․5 տոկոս) մինչեւ տարեվերջ սառեցնել, իսկ գումարը աւելի ուշ (այսինքն նախագահական ընտրութիւններէն ետք) գանձել։
Ան ոչ մէկ տնօրինում կատարեց տուրք վճարած իւրաքանչիւր ամերիկացիի 1200 տոլար տրամադրելու Քոնկրեսին առաջարկին գծով։
Յիշեցնենք, որ դեմոկրատներու հակակշիռին տակ գտնուող Ներկայացուցիչներու տունը 3.4 միլիառ տոլարի ծրագիր մը առաջադրած էր 2 ամիս առաջ, իսկ հանրապետականներու հակակշիռին տակ գտնուող Ծերակոյտը՝ 1 միլիառ տոլարի։ Հակառակ անոր, որ դեմոկրատները ընդունեցին գումարը 2 միլիառ տոլարի իջեցնել, հանրապետականները մերժեցին, գլխաւորաբար ընդդիմանալով նահանգներուն մօտաւորապէս 915,000 միլիառ տոլարի աջակցութիւն տրամադրելու դեմոկրատներու առաջարկին։
Հանրապետականները միայն 15 միլիառ տրամադրելու պատրաստ են համաճարակին քննութեան եւ դարմանումի ծախսերուն, դեմոկրատեներու առաջադրած 75 միլիառին փոխարէն, իսկ չքաւորներուն ուտեստեղէնի, ելեկտրականութեան եւ ջուրի ծախսերուն համար 67 միլիառ տոլար յատկացնելու դեմոկրատներու առաջարկին դէմ հանրապետականները միայն ուտեստեղէնի համար 250,000 տոլարի առաջարկ ներկայացուցած են։
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 9 Օգոստոսի յետմիջօրէին հաղորդուեցին, որ նախորդող 24 ժամերուն ընթացքին մահած են վարակուած 10 քաղաքացիներ եւ արձանագրուած են 1789 նոր վարակումներ: Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառին տարածքին արձանագրուած են 192,167 վարակումներ եւ 4692 մահեր: Հիւանդանոցներու մէջ կը դարմանուին 1568 վարակակիրներ։
Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են մօտաւորապէս 563,000 վարակումներ եւ 10,380 մահեր:
Մօտաւորապէս 5 միլիոն վարակակիրներով եւ 165,000 մահերով աշխարհի առաջինը հանդիսացող Միացեալ Նահագներուն կը յաջորդեն՝ Պրազիլ, Հնդկաստան եւ Ռուսիա, ուր կան յաջորդաբար 3 միլիոն, 2․2 միլիոն եւ 892,500 վարակուածներ:
Աշխարհի տարածքին «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը անցաւ 20 միլիոնի սահմանը, իսկ մահերուն թիւը՝ 735,000ի։ Ապաքինած 12.9 միլիոն վարակուածներ: