ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները եւ Հոգաբարձութիւնը կը տեղեկացնեն, թէ Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնին առիթով, Կիրակի, 16 Օգոսոտոսին հանդիսաւոր Ս. պատարագ, ապա Խաղողօրհնէք եւ Մատաղօրհնէք տեղի պիտի ունենան։
Պատարագը պիտի մատուցուի դռնփակ, առանց հաւատացեալներու ներկայութեան, իսկ Խաղողօրհնէքը եւ Մատաղօրհնէքը տեղի պիտի ունենան եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ։
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան։
Խաղողը պիտի օրհնուի եւ բաշխուի եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, կ.ե. ժամը 12:30ին:
Նաեւ, Շաբաթ, Օգոստոս 15ի երեկոյեան ժամը 6, տեղի պիտի ունենայ Ս. Աստուածածնայ նախատօնակի ժամերգութիւն:
Արարողութիւնները պիտի սփռուին առցանց՝ եկեղեցւոյ Դիմատետրէն (St. Mary’s Armenian Apostolic Church, Glendale) :
Խաղող նուիրողներէն կը խնդրուի խաղողը եկեղեցի բերել Շաբաթ օր:
Ս. Աստուածածինի տօնը, ըլլալով Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն մին, այդ օր հոգեհանգիստ չի կատարուիր: