Միացեալ Նահագները 100 միլիոն Պատուաստներ գնելու համաձայնութիւն կնքեց «մոտերնա»ի հետ
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ինչպէս օրին հաղորդած էինք, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդը վաւերացուցած «Քորոնա» ժահրի համաճարակէն տնտեսապէս տուժած քաղաքացիներուն եւ գործարարներուն զօրակցելու եւ համաճարակին դէմ պայքարը սաստկացնելու նպատակով 1.22 միլիառ տոլարի ծրար մը։
Այդ գումարէն 200 միլիոն տոլարը իբրեւ նպաստ պիտի տրամադրուի քաղաքացինրուն՝ բնակարաններու վարձքերու աջակցութեան, ուտեստեղէնի եւ երեխաներու խնամքի ճամբով։ Գաւառը 17 Օգոստոսին պիտի սկսի ընդունիլ վարձակալներու աջակցութեան դիմումները, որոնք կրնան շարունակուիլ մինչեւ 31 Օգոստոս։ Գաւառը յոյս ունի աջակցելու 8000էն 9000 ընտանիքներու։
Մանրամասնութիւններու համար այցելել՝ rentrelief.lacda.org կայքէջը։
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահագներու կառավարութիւնը «Քորոնա» ժահրի 100 միլիոն պատուստներ գնելու համաձայնութիւն մը կնքեց «Մոտերնա»ի հետ, որուն պատուաստը փորձառկումի վերջին հանգրուանին մէջն է։
Մինչ այդ, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 11 Օգոստոսին յայտարարեցին, թէ նախորդող 24 ժամերուն ընթացքին գաւառին մէջ վարակուած 63 քաղաքացիներ մահած են եւ արձանագրուած են 1440 նոր վարակումներ: Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառին տարածքին արձանագրուած են 211,808 վարակումներ եւ 5057 մահեր: Հիւանդանոցներու մէջ կը դարմանուին 1524 վարակուած անձեր։
Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են մօտաւորապէս 586,705 վարակումներ եւ 10,656 մահեր:
5․3 միլիոն վարակուածներով եւ 168,000 մահերով աշխարհի առաջինը հանդիսացող Միացեալ Նահագներուն կը յաջորդեն Պրազիլը, Հնդկաստանը եւ Ռուսիան, ուր կան յաջորդաբար 3.1 միլիոն, 2․3 միլիոն եւ 902,700 վարակուածներ:
Աշխարհի տարածքին վարակուածներուն թիւը հասաւ 20․5 միլիոնի, որուն 13․5 միլիոնը ապաքինած է: Մահացած են մօտաւորապէս 748,000 վարակուածներ: