ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 17 Օգոստոսին, Հայաստանի մէջ արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրի վարակման ընդհանուր 41,701 պարագաներ, որոն 34,655ը ապաքինած են: Այս մասին կը նշուի Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի կայքին վրայ:
Ներկայ դրութեամբ՝ «Քորոնա» ժահրէն կը բուժուին 5978 վարակակիրներ: Վերջին 24 ժամերուն ընթացքին կատարուած են 284 քննութիւններ, իսկ ընդհանուր առմամբ`185,594 քննութիւններ:
Այսպիսով, կան «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեամբ հաստատուած 38 նոր պարագաներ. 71 անձեր առողջացած են:
Ընդհանուր առմամբ արձանագրուած են մահուան 824 պարագաներ (աւելցած՝ 6ով):