ՄԱԿ․- 18 Հոկտեմբերին կ՛աւարտի Իրանին զէնք վաճառելու ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին սահմանած արգելքը: Այդ պատճառով, 14 Օգոստոսին, Միացեալ Նահանգներու նախաձեռնութեամբ, խորհուրդի քուէարկութեան դրուեցաւ պատիժը երկարաձգելու բանաձեւը, սակայն Ռուսիա եւ Չինաստան ընդդիմացան։ 15 անդամներէն միայն երկուքը կողմ քուէարկեցին, իակ մնացեալ 11ը ձեռնպահ մնացին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.