ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար»․- «Շամ Թայմզ»ը հաղորդեց, որ Սուրիա աշխարհի ապահով երկիրներու ցանկին վրայ վերջընթեր դիրքը գրաւած է, ըստ Խաղաղութեան եւ Տնտեսագիտութեան միջազգայի հիմնարկին կատարած նորագոյն դասակարգումին։
163 երկիրներու մէջ, Իրաք 161րդ դիրքը գրաւած է, Սուրիա՝ 162րդ, իսկ Աֆղանիստան՝ 163րդ։
Առաջին դիրքը գրաւած է Իսլանտան, որմէ ետք կու գան Նիւ Զելանտան եւ Փորթուկալը։