ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդը հերթական քննարկումը պիտի կատարէ առցանց՝ այս անգամ եւրոպական տարածաշրջանի հայկական լրաջուամիջոցներու խմբագիրներուն մասնակցութեամբ: Այս մասին տեղեկացուց համակարգող խորհուրդը:
Առցանց քննարկումը տեղի պիտի ունենայ 1 Սեպտեմբերին, Երեւանի ժամանակացոյցով` երեկոյեան ժամը 7ին: Քննարկման թեման է` «Հայկական լրատուամիջոցներու ներկայ պայմաններուն դժուարութիւնները եւ զանոնք դիմագրաւելու միջոցները»: Քննարկման մասնակցիլ փափաքողները կրնան դիմում ներկայացնել panarmenian.media@gmail.com ելեկտրոնային հասցէով: