ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կառավարութիւնը Սահմանադրական դատարանի դատաւորի պաշտօնին համար Էտկար Շաթիրեանի թեկնածութիւնը առաջադրելու որոշում տուաւ: Այս մասին որոշումը հրապարակուեցաւ գործադիրի պաշտօնական կայքին վրայ:
«Ղեկավարուելով «Նորմատիւ իրաւական ակտերի մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 34րդ յօդուածով` Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը որոշում է 1. Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան 2020 թուականի Յուլիսի 23ի «Սահմանադրական դատարանի դատաւորի պաշտօնում թեկնածու առաջադրելու մասին» N 1232-Ա որոշման 1ին կէտում «Վահրամ Աւետիսեանի» բառերը փոխարինել «Էդգար Շաթիրեանի» բառերով», կ՛ըսուի որոշումին մէջ։