ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- Լիբանանահայութեան դիմագրաւած ծանր մարտահրաւէրի մթնոլորտին մէջ, ՀԲԸՄը կարեւոր որոշում մը տուած է՝ խրախուսելու համար աշակերտներու ուսումնառութիւնը։ Այսպէս, ՀԲԸՄը յայտարարեց, որ անցեալ 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանին իր դպրոցները յաճախած աշակերտները՝ 2020-2021ի վերամուտին պիտի կարենան շարունակել իրենց ուսման ընթացքը զերծ ըլլալով կրթաթոշակի պարտաւորութենէ:
Ըստ ՀԲԸՄի Նիւ Եորքի կեդրոնէն հրապարակուած հաղորդագրութեան՝ արտակարգ այս կարգադրութիւնը կատարուած է՝ նկատի ունենալով այն ծանր տագնապը, զոր Լիբանանի ժողովուրդը կը դիմագրաւէ ներկայիս։
Նոյն ժամանակ, ՀԲԸՄը կոչ կ՛ուղղէ, որ կարելիութեան սահմաններուն մէջ ծնողներ, բարեկամներ եւ համակիրներ սիրայօժար նուիրատուութիւններով աջակցին Լիբանանանի մէջ կրթական իր ծրագիրներուն: