Արամ Ա․ վեհափառ հայրապետը 26 Օգոստոս թուակիր իր պաշտօնագիրով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսուչ նշանակեց Մեղրիկ եպս. Բարիքեանը:
Հայրապետին տնօրինումով, վերջին չորս տարիներուն իբրեւ Դպրեվանքի տեսուչ ծառայեց Պօղոս վրդ. Թինքճեան, որ պիտի առաքուի թեմական ծառայութեան:
Մեղրիկ սրբազանը անցնող տարիներուն վանական եւ թեմական զանազան պաշտօններ վարած է եւ յատկապէս երաժշտական մարզին մէջ կարեւոր վաստակ ունի: