ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Խոաքին Քափարոս հրապարակեց անունները այն կազմին, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «Ազգերու Լիկա» ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի մրցաշարքին:
Հաւաքականէն պիտի բացակային իտալական «Ա. Էս. Ռոմա»ի միջնապահ Հենրիկ Մխիթարեան, գերմանական «Հոֆընհայմ»ի յառաջապահ Սարգիս Ադամեան եւ կիպրական «ԱԵԼ»ի միջնապահ Գէորգ Ղազարեան:
Մարզիչը նշեց, որ Մխիթարեան Քափարոսին յայտնած է, թէ նկատի ունենալով, որ իր կազմին հետ վերջին մրցումը կատարած էր 6 Օգոստոսին եւ այժմ արձակուրդի մէջ է ու բաւարար մարզուած չըլլալով՝ չի կրնար ցուցադրել իր ամբողջ կարողութիւնները:
Ղազարեան իր կարգին յայտնած է, որ մկանային վնասուածք ունի, իսկ Ադամեան նոր կ՛ապաքինի ու վերականգնման փուլին մէջ է:
Նշենք, որ Հայաստանի կազմը 5 Սեպտեմբերին հիւրը պիտի ըլլայ Մակեդոնիոյ, իսկ այդ մրցումէն երեք օրեր ետք պիտի հիւրընկալէ Էսթոնիան: