ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Փոքրամասնութեան իրաւանց ի նպաստ եւ ցեղապաշտութեան եւ ոստիկանութեան բռնարարքներուն դէմ տեղի ունենալիք ցոյցերուն մասնակցողներուն կոչ ուղղելով՝ Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները շեշտեցին, որ նման հաւաքներ կը նպաստեն «Քորոնա» ժահրի արագ տարածման, նոյն ժամանակ շեշտելով, որ նեցուկ կը կանգնին ցուցարարներու պահաջներուն։
Առ այդ, անոնք ցուցարարներէն խնդրեցին յարգել դիմակ կրելու, բաւարար հեռաւորութիւն պահպանելու եւ յաճած հականեխուելու պայմանները։
Միւս կողմէ, 27 Օգոստոսին հաղորդեցուեցաւ, որ նախորդող 24 ժամերուն արձանագրուած են 1636 վարակումներ եւ 38 մահեր։
Գաւառին տարածքին ցարդ արձանագրուած են 236,986 վարակումներ եւ 5701 մահեր, իսկ հիւանդանեցներու մէջ դարմանուողներուն թիւը իջած է 1168ի:
Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են 692,805 վարակումներ եւ 12,695 մահեր:
Աւելի քան 6 միլիոն վարակակիրներով եւ 185,000 մահերով աշխարհի առաջինը հանդիսացող Միացեալ Նահագներուն կը յաջորդեն Պրազիլ, Հնդկաստան եւ Ռուսիա, ուր կան յաջորդաբար 3.8 միլիոն, 3.5 միլիոն եւ 980,405 վարակուածներ: Պրազիլի մէջ արձանագրուած են 118,988 մահեր, Հնդկաստանի մէջ՝ 62,669, իսկ Մեքսիքայի մէջ՝ 62,594:
Աշխարհի տարածքին վարակուածներու մօտաւոր թիւը 25 միլիոն է, իսկ մահերունը` 838,000: Ապաքինած են 17․2 միլիոն վարակուածներ: