ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Թրքական լրատուամիջոցներու ուշադրութեան կեդրոնին է Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութեան 100ամեակին առիթով եւ ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին նախաձեռնութեամբ՝ դաշնագիրը ստորագրած պետութիւններու երիտասարդական միութիւններու համատեղ յայտարարութիւնը: Լրատուամիջոցները յատկապէս հետաքրքրած է այն իրողութիւնը, որ յայտարարութեան տակ տեղ գտած է նաեւ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երիտասարդականին ստորագրութիւնը:
CNNTurk-ի մէկ հաղորդումին ընթացքին, քանի մը յայտնի թուրք սիւնակագիրներ շուրջ 20 վայրկեան քննարկեցին յայտարարութիւնը եւ քննադատեցին քրտական կուսակցութեան երիտասարդականը: