ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան վստահ է, որ միջազգային կառոյցները ջանք չեն խնայեր Ատրպէյճանի իրաւազօրութեան ներքեւ յայտնուած սպայ Գուրգէն Ալավերդեանը հայրենիք վերադարձնելու համար։
28 Օգոստոսին պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան այս հաստատումը կատարեց Ազգային ժողովին մէջ, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին։
«Վստահ ենք, որ ե՛ւ ԵԱՀԿն, ե՛ւ Միջազգային Կարմիր Խաչը, ՄԱԿի համապատասխան կառոյցները ջանք չեն խնայում, որպէսզի զինծառայողը վերադարձուի», ըսաւ ան:
Նախարարը աւելցուց, որ ներկայիս կը կատարուի ծառայողական քննութիւն, որուն լոյսին տակ պիտի պարզուի, թէ ինչպէ՛ս տեղի ունեցած է դէպքը։ «Մեր նախնական գնահատականն այն է, որ մեր զինծառայողը մոլորուել է եւ յայտնել է հակառակորդի կողմում: Արդեօք մեր զինծառայողն առեւանգուել է կամ այլ պայմաններում է յայտնուել այնտեղ, պէտք է պարզենք: Դրանից կախուած մենք տարբեր միջազգային կառոյցներում տարբեր ձեւաչափերով կ՛աշխատենք, չնայած, որ հիմա մեր պահանջն այն է, որ առնուազն Ադրբեջանում Միջազգային Կարմիր Խաչի ներկայացուցչութիւնն այցելի մեր զինծառայողին: Այս պահին այդ պահանջը չի կատարուել», ըսաւ պաշտպանութեան նախարարը:
Դաւիթ Տօնոյեան հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող ներկայ իրավիճակը նկատեց կայուն եւ կանխատեսելի:
Պատասխանելով աշխարհազօրի ստեղծման նպատակին վերաբերող հարցումի մը՝ ան ըսաւ, որ անիկա կը ծառայէ հասարակութիւնը պատրաստելու՝ ռազմական բնոյթի մարտահրաւէրներուն եւ սպառնալիքներուն արձագանգելու:
«Հայաստանի շուրջ առկայ եւ ձեւաւորուող սպառնալիքների ու ռիսկերի, նաեւ հարեւանութեան նոր ռազմատենչ յայտարարութիւնների պարագայում, միայն գործող զինուած ուժերի ռեսուրսներն, ի հարկէ, կարող են բաւարար չլինել», ըսաւ Տօնոյեան։