ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ա․Էֆ․Փէ․»․- Խորհրդարանական խմբակցութիւններուն հետ վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններէն ետք, Լիբանանի նախագահ Միշել Աուն 31 Օգոստոսին որոշեց Գերմանիոյ մօտ Լիբանանի նախկին դեսպան Մուսթաֆա Ատիպին վստահիլ նոր կառավարութիւն կազմելու պարտականութիւնը:
Ան ստացած է խորհրդարանի 128 պատգամաւորներէն 90ին աջակցութիւնը։