ԵՐԵՒԱՆ․- «Ազգերու լիկա»ի ֆութպոլի մրցաշարքի Գ. դասակարգի Բ. խմբակին զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Երեքշաբթի օր, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ մրցեցաւ Էսթոնիոյ դէմ, 2-0 յաղթանակ մը կերտելով։
Մրցումին 42րդ վայրկեանին Ալեքսանտր Կարապետեան նշանակեց հոյակապ կօլ մը, իսկ Արշակ Կորեան կատարեց փոխանցումը։ Քոլոմպիածին Ուպէյմար 65րդ վայրկեանին նշանակեց այլ հոյակապ կօլ մը, աւելի քան 20 մեթրէ․ Կարապետեան կատարեց փոխանցումը։
Նշենք, որ 5 Սեպտեմբերին, Հայաստան հիւրընկալուեցաւ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ կողմէ, 2-1 արդիւնքով պարտուելով անկէ։ Մրցումին երեք կօլերն ալ նշանակուեցան փենալթիներով: Հայաստանի որբ կօլը նշանակեց Տիգրան Բարսեղեան: Մրցումէն ետք, Հայաստանի սպանացի մարզիչը՝ Խոաքին Քափարոս յայտնեց, որ գոհ է իր կազմէն, նկատի ունենալով, որ անոնք մինչեւ մրցումին աւարտը պայքարեցան: