Չորեքշաբթի, 9 Սեպտեմբերին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի տնօրէն Հայկակ Արշամեանը, որուն կ՛ընկերակցէր Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու ամիս մը առաջ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթումին եւ անոր հետեւանքով Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ կատարուած օժանդակութիւննեռուն ընդհանրապէս Լիբանանի ժողովուրդին եւ յատկապէս հայ համայնքին:
Վեհափառ հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց պայթումէն ետք գաղութին իրավիճակը, ինչպէս նաեւ տարուող աշխատանքները: Ան գնահատեց Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին կողմէ մէկ տարուան ընթացքին երրորդ անգամ ըլլալով կատարուած Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ համայնքներուն օժանդակութիւնները եւ մարդասիրական առաքելութիւնը:
Յայտնենք, որ հիմնադրամին կատարած օժանդակութիւնները պիտի տրամադրուին Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ համայնքներու բոլոր հայկական դպրոցներուն ուսուցիչներուն եւ պաշտօնեաներուն՝ իբրեւ նուէր: Իսկ Սուրիոյ պարագային, օժանդակութիւն պիտի յատկացուի նաեւ «Քորոնա» ժահրի համաճարակով վարակուած հայորդիներու բժշկական ծախսերուն: