ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի յառաջացուցած «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ յստակացած են 2020-2021ի կրթական տարեշրջանին համար՝ Մինա Շիրվանեանի անուան կրթանպաստները ստացող 12 համալսարանական ուսանողներուն անունները:
Հայաստանի Շիրակ մարզէն ուսանողներու յատուկ այս կրթանպաստներու հիմնադրամը հաստատուած էր Յակոբ եւ Մինա Շիրվանեաններու կողմէ, որոնց բարերար գործերու փաստերը տարածուած են Արեւմտեան Ամերիկայէն մինչեւ Հայաստան ու Արցախ: Անոնք նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերած են բազմաթիւ ազգանպաստ ծրագիրներու եւ ազգային կազմակերպութիւններու՝ նեցուկ կանգնելով յատկապէս հայ երիտասարդրութեան:
Այս տարեշրջանին, կրթանպաստ ստացող 12 ուսանողներէն երեքը անցեալ տարեշրջանին եւս կրթանպաստ ստացած էին, իսկ մնացեալը առաջին անգամ ըլլալով պիտի ստանան:
«Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբին կրթանպաստի ենթայանձնախումբը հարցաքննած է կրթանպաստներ ստանալու դիմած թեկնածուները, որոշելու համար 2020-2021 տարեշրջանի կրթանպաստ ստացողները:
Այս տարուան կրթանպաստները ստացեղներն են՝ Յասմիկ Սրգսեան, Ալվարդ Ղազարեան, Գոհար Գալոյեան, Սեդա Ոսկանեան, Նարեկ Ալեքսանեան, Փառանձեմ Փոլոյեան, Սիւզանա Կարապետեան, Ամալիա Մկրտչեան, Մարինէ Նիկողոսեան, Լեւոն Պեճանեան, Զորի Մովսիսեան եւ Մելինէ Յովհաննիսեան։
«Համաճարակին պարտադրած տնտեսական աննախընթաց պայմաններուն մէջ իսկ մեր համայնքը կը շարունակէ գիտակցիլ Հայաստանին եւ յատկապէս Գիւմրիի կողքին կանգնելու կարեւորութեան։ Մեր աշխատանքը կարելի պիտի չըլլայ առանց նուիրատուներու ցուցաբերած նեցուկին», կը յայտնէ «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբի ատենապետ Շանթ Պապուճեան։
Այս նպատակին նուիրատուութիւն կատարել փափաքողները կրնան գումարը ուղարկել ACF Shirak Youth Center, 104, N. Belmont Avenue, Suite 300, Glendale, CA 91206 հասցէին, վճառելի՝ ACF-ին:
Նշենք, որ կրթանպաստ ստացող ուսանողները սովորաբար կամաւոր սպասարկութիւններ կը մատուցեն Գիւմրիի մէջ հաստատուած «Շիրվանեան» երիտասարդական կեդրոնին, որ մշակութային եւ դաստիարակչական ծառայութիւններ կը տրամադրէ քաղաքին եւ Շիրակ մարզի երիտասարդներուն: