ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ»․- Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հրաւէրով, Լիբանանի մէջ գործող հայկական օրաթերթերու եւ ձայնասփիւռի կայաններու ներկայացուցիչները Հայաստանի դեսպանատան մէջ հանդիպում ունեցան Հայաստան Համայհակական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանի հետ:
Հանդիպումը առիթ էր իրազեկ դառնալու հիմնադրամի գործունէութեան, յատկապէս ճգնաժամի մէջ յայտնուած համայնքներուն կատարուող աջակցութիւններուն մասին:
Կարեւոր նկատելով մամուլին դերը մեր հանրային կեանքին եւ հայրենիք-Սփիւռք համագործակցութեան դաշտին մէջ կամուրջներ հաստատելու առումով` հիմնադրամի տնօրէնութիւնը 13,000 տոլար կը յատկացնէ օրաթերթերուն եւ ձայնասփիւռի կայաններուն` գնահատելով անոնց առաքելութիւնը յատկապէս հայատառ եւ հայալեզու նիւթերու հրապարակման եւ տարածման մէջ:
Մամլոյ ներկայացուցիչները շնորհակալութիւն յայտնեցին հիմնադրամի տնօրէնին` ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ լիբանանահայ մամուլին աջակցելուն համար: