ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, թէ Պաղեստինեան դատին արդար եւ մնայուն լուծումը պէտք է կարեւոր տարր մը դառնայ Միջին Արեւելքի տագնապներու համապարփակ լուծման:
Մոսկուա շեշտեց, թէ Իսրայէլի եւ շարք մը արաբական պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման լոյսին տակ «Պաղեստինեան հարցը կը շարունակէ մնալ սուր, եւ սխալ պիտի ըլլայ կարծել, թէ առանց անոր լուծման կարելի պիտի ըլլայ Միջին Արեւելքի տարածաշրջանին մէջ իսկական կայունութիւն հաստատել», շրջանային եւ միջազգային գործընկերներուն կոչ ուղղելով, որ աշխուժացնեն պաղեստինեան հարցին արդար լուծում մը գտնելու համակարգուած ջանքերը: